ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող Աֆղան Մուխթարլը դժգոհութիւն յայտնեց Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու նոր հրամանատարի նշանակման գործընթացքին գծով:
«Հազարապետ-զօրավար Միխայիլ Քոսոպոքովը նախապէս աշխատած է վրացական Աբխազիոյ մէջ «խաղաղութիւն» հաստատելու համար, եւ այդ ժամանակ Ռուսիա ճանչցած էր անջատողական աբխազական վարչակարգին «անկախութիւնը»: Քոսոպոքովը արդէն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ: Այս նորութիւնները մենք կ՛իմանանք հայկական եւ ռուսական կայքերէն: Թէեւ Քոսոպոքովի ռազմակայանը կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ, սակայն ան սկիզբը նախընտրած է հանդիպիլ հայ նախարարին հետ։ Կը կարծեմ, որ օր մը ան կրնայ հանդիպիլ Զաքիր Հասանովի հետ: Քոսոպոքովը ղեկավարած է Վրաստանի մէկ մասին բռնագրաւումը: Նման անձի մը պէտք չէր արտօնուեր ղեկավարել Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ ուժերը: Կը թուի, թէ Ռուսիա հրամանատարներ նշանակելու գործընընթացին մէջ նկատի կ՛առնէ ոչ թէ Ատրպէյճանի, այլ՝ Հայաստանի կարծիքը», գրած է Մուխթարլը:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով շաբաթավերջին հանդիպում ունեցաւ զօր. Ռուսթամ Մուրատովի հետ, որ աւարտած է իր ծառայութիւնը՝ իբրեւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար:
Մուրատով Հասանովին ներկայացուց Քոսոպոքովը: