ՊԷՅԺԻՆԿ.- Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հառցերը չեն համապատասխաներ երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքի հիմնական շահերուն, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»ը։
Ճինփին յայտնեց, որ երկու երկիրները «զիրար յարգելու հիման վրայ հիմնական հարցերու առումով կրնան համագործակցիլ՝ կլիմայի փոփոխութեան, համաճարակներու կանխարգիլման եւ անոնց դէմ պայքարի, տնտեսութեան վերականգնման հարցերուն մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային ու շրջանային այլ հիմնական հարցերու մէջ»:
Կողմերը «համաձայնեցան, որ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պետութիւններու ղեկավարներուն միջեւ հաղորդակցութեան խորացումը շատ կարեւոր է»: