ԳԱՀԻՐԷ, «Յուսաբեր»․- Բրիտանական The Economist թերթը, վկայակոչելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական վիճակագրական տուեալները, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ MI-6ի աղբիւրներու տեղեկութիւնները, կը գրէ, որ Արցախի նորագոյն պատերազմին կողմերու իրական կորուստները հաղորդուածէն շատ են։
Այսպէս՝ 2020ի Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն, Ատրպէյճանի մէջ ոչ-ռազմական պայմաններու մէջ մահուան պարագաներու թիւը գրեթէ 15 հազար մարդով կը գերազանցէ մահերու միջին ցուցանիշը՝ զանց առնելով պսակաձեւ ժահրէն մահացած մարդոց պաշտօնական թիւը։
Այս թիւերը կրնան ցոյց տալ, որ պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի իրական կորուստներու թիւը 4-5 անգամ աւելի է տեղական իշխանութիւններու պաշտօնապէս յայտարարածէն, այսինքն՝ 18-20 հազար մարդ, մինչդեռ Ատրպէյճան կը խօսի մօտաւորապէս 2900 զոհի մասին միայն։
Իսկ Հայաստանի պարագային, նոյն ժամանակահատուածին, մահուան դէպքերը, դարձեալ զանց առնելով համաճարակի զոհերը, գրեթէ մէկուկէս անգամ կը գերազանցեն վերջին քանի մը տարիներու միջին ցուցանիշը, որ՝ ըստ բրիտանական հեղինակաւոր թերթին, կը նշանակէ, որ պատերազմին ընթացքին հայկական կողմի իրական կորուստներու թիւը շուրջ 7-8 հազար է։