ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 76րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած «Դաշինք յանուն բազմակողմանիութեան» հարթակի նախարարական հանդիպումին, ինչպէս նաեւ կողմնակի հանդիպումներուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Ղարաբաղի տագնապին, յատկապէս՝ գերիներու վերադարձի կարեւորութեան:
«Դաշինք յանուն բազմակողմանիութեան» հարթակին արտասանած իր խօսքին մէջ Միրզոյեան ըսաւ հետեւեալը. «Գլոբալ (համաշխարհային) համավարակի պայմաններում Լեռնային Ղարաբաղի եւ նրա ժողովրդի դէմ Ադրբեջանի կողմից սանձազերծուած պատերազմը յանգեցրեց հումանիտար (մարդասիրական) աղէտի: Նոյնիսկ այսօր Ադրբեջանը շարունակում է արգելափակել մարդասիրական առաքելութիւնների մուտքն Արցախ՝ խաղաղ բնակիչներին զրկելով մարդասիրական օգնութիւն ստանալու հնարաւորութիւն։ Քանի որ Դաշինքի հիմնական նպատակներից մէկն է «Պաշտպանել, պահպանել եւ զարգացնել միջազգային իրաւունքը, ներառեալ՝ միջազգային հումանիտար եւ մարդու իրաւունքները», մենք կոչ ենք անում բոլոր անդամներին ոչ միայն ուժեղացնել ճնշումն Ադրբեջանի վրայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքները եւ հայ ռազմագերիների վերադարձն ապահովելու համար, այլեւ աջակցել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան ջանքերին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանը տեւական քաղաքական լուծում գտնելու գործում»:
Եւրոպայի Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչի հետ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծած յարձակումին եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման։

Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան մինչեւ օրս կը շարունակէ պատանդ պահել հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիներ, ինչ որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, ինչպէս նաեւ եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն խախտում է: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս՝ Եւրոպայի խորհուրդի իրաւասու մարմիններուն մէջ Արցախ անխափան մուտքը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած մարդասիրական հարցերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարները քննարկուեցան Արարատ Միրզոյեանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան իվ Լը Տրիանի հետ միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին։
Յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու շուտափոյթ հայրենադարձումը:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացի վերսկսումը: