ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Միտըլ Իսթ Այ»․- Սուրիոյ կառավարութիւնը դարձեալ յայտարարեց, թէ Թուրքիա պէտք է անյապաղ դուրս բերէ իր զօրքերը երկրի հիւսիսային նահանգներէն։
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է աջակցի երկրին հիւսիսը Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրութեան Սուրիոյ ջանքերուն», ըսաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ։ Ան աւելցուց, որ լարուածութեան սրումին հիմնական պատճառը «թրքական բռնագրաւումն է, ինչպէս նաեւ այն աջակցութիւնը, զոր Անգարա կը ցուցաբերէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն»։
Անցեալ ամիս, Սուրիոյ հարցերու ՄԱԿի յատուկ յանձնակատար Փիթըրսըն յայտնած էր ապահովութեան ոլորտին մէջ իրադրութեան վատթարացման եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ զինուած հակամարտութեան սրման մասին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հիւսիսային Իտլիպ նահանգին իրավիճակին վրայ։
Միւս կողմէ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, ու Թուրքիա մօտաւորապէս 1000 յաւելեալ զինուորներ ուղարկեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանը՝ «Իտլիպ նահանգին մէջ հսկողութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով»։
Ըստ թուրք պաշտօնատարներու, Անգարա այսպիսով կը փափաքի կանխել սուրիացի գաղթականներու դէպի Թուրքիա հոսքը, որ, ըստ թրքական կողմին, կ՛աճի վերջին ամիսներուն, յատկապէս սուրիան եւ ռուսական ուժերուն կողմէ Իտլիպի վրայ յարձակումներուն սաստկացումին պատճառով։
Յատկանշական է, որ յաւելեալ ուժերը Իտլիպ կ՛ուղարկուին Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ
Իրանի նախագահներուն միջեւ հանդիպման սեմին, որ նախատեսուած է 29 Սեպտեմբերին։