ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Պատահմամբ յայտնաբերեցի թուրք-ամերիկեան tenthousandturks.org կայքը, որ նկարագրուած է իբրեւ՝ «Տասը հազար թուրքերու արշաւ»:
Կայքը կը ներառէ հինգ թուրք-ամերիկեան քաղաքական գործողութիւններու անջատ յանձնախումբերու (PAC-եր) միասնական տեղեկութիւնը.
1) Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործողութիւններու թրքական համախմբման յանձնախումբ (TC-USA PAC):
2) Քալիֆորնիոյ քաղաքական գործողութիւններու թրքական համախմբման յանձնախումբ (TC-CAL PAC):
3) Թուրք ամերիկացի իրաւաբաններու քաղաքական գործողութիւններու ազգային համախմբման յանձնախումբ (NC-TAL PAC):
4) Թուրք ամերիկացի կանանց քաղաքական գործողութիւններու համախմբման յանձնախումբ (NC-TAW PAC):
5) Թուրք-ամերիկեան քաղաքական գործողութիւններու յանձնախումբ (TURKISH PAC-TX):
Կայքին մէջ նշուած է, որ «Տասը հազար թուրքերու արշաւ»ը մեկնարկած է 29 Ապրիլ 2010էն սկսեալ: Նպատակն է՝ «հասնիլ աւելի քան տասը հազար թուրք ամերիկացիներու եւ Թուրքիոյ բարեկամներու, որոնք կ՛ուզեն նեցուկ կանգնիլ եւ աջակցիլ այն թեկնածուներուն, որոնք գիտեն ԱՄՆի եւ Թուրքիոյ միջեւ դրական յարաբերութիւններու արժէքը»: Այս PAC-երու դաշինքը որդեգրած է «Միացեալ նահանգներու եւ Թուրքիոյ դրական յարաբերութիւններ»ու խթանման անհնարին առաջադրանքը: Թուրքիոյ ղեկավար Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մեծ աշխատանք կատարած է՝ ոտնահարելու թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները՝ ուրիշ շատ մը երկիրներու հետ: Ես կ՛առաջարկեմ, որ թուրք ամերիկացիները, դժուարութեամբ շահած իրենց գումարները վատնելու փոխարէն՝ ազատին Էրտողանէն, ինչ որ միանգամայն կը բարելաւէ ամերիկաթրքական յարաբերութիւնները:
Խումբի կայքին մէջ կը ներկայացուի, որ թրքական հինգ PAC-երը միասին առած՝ 2007էն մինչեւ 2020 հաւաքուած է 2 միլիոն 152 հազար 849 տոլար՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական թեկնածուներու համար: Հետաքրքրական է, որ անոնց ստացած ներդրումներուն չափը 2015-2016 թուականներուն եղած 510 հազար 765 տոլար եւ որ կտրուկ նուազելով` 2019-2020 թուականներուն իջած է 202 հազար 640 տոլարի: Ասիկա կրնայ ցոյց տալ, որ թուրք ամերիկացիները այդքան ալ յոյս չունին, որ ամերիկաթրքական յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին՝ քաղաքական արշաւներու համար գումար նուիրելով: Կայքը չի բացատրեր, թէ ինչպէ՛ս խումբը յաջողած է գումարներ հայթայթել 2007էն 2009ի միջեւ՝ նախքան 2010 թուականին իր կազմուիլը:
Թրքական կայքը կը տրամադրէ նաեւ 2019-2020 թուականներու ընտրական փուլի հինգ PAC-երէն իւրաքանչիւրին կողմէ հաւաքուած գումարին չափը. TC-USA PAC (57 հազար 500 տոլար). TC-TAW PAC (37 հազար 750 տոլար). TC-CAL PAC (44 հազար 490 տոլար). TC-MIDWEST PAC (35 հազար 800 տոլար) եւ Թրքական PAC-TX (27 հազար տոլար): Որոշ խումբեր տարիներու ընթացքին փոխած են իրենց անունները:
Ահա՛ լրացուցիչ տեղեկութիւններ իւրաքանչիւր խումբի մասին.
1) TC-USA PAC.- Այս խումբին դրամահաւաքը 2009-2010ի միջեւ եղած է 231 հազար 950 տոլար, մինչ 2019-2020 տարիներուն նուազած է մինչեւ 59 հազար 500 տոլարի: Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Ուաշինկթըն։ Գ. Լինքըն ՄըքՔրտի գանձապահն է, իսկ Լուէթ Ռակուզա՝ փաստաթուղթերու պահապանը:
2) TC-CAL PAC.- Այս խումբին դրամահաւաքը 2015-2016 թուականին եղած է 64 հազար 400 տոլար եւ նուազած 44 հազար 490 տոլարի՝ 2019-2020 տարիներուն: Կը գտնուի Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքը: Մարիա Չաքիրական գանձապահն է, իսկ Ելտա Պարթլեթ՝ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ներկայացուցիչը:
3) NC-TAL PAC.- Դրամահաւաքի մասին տեղեկութիւն չկայ իր սեփական կայքին վրայ: Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Ուաշինկթըն: PAC-ի պաշտօնատարները եւ յանձնախումբի գործադիր անդամներն են Տորին Էտըլմըն՝ նախագահ, Ռապըրթ Լեւենթ Հերկիւներ՝ գանձապահ, նաեւ Այլին Աճիքալին, Զելիհա Արսլան, Ելտա Պարթլեթ եւ Լորենս Ճենք Լոուզ:
4) NC-TAW PAC.- Դրամահաւաքի մասին տեղեկութիւն չկայ կայքին վրայ: Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Ուաշինկթըն. Թուպա Ֆիրինճիօղլու գանձապահն է, իսկ Լուէթ Ռակուզա՝ փաստաթուղթերու պահապանը: Լուէթ նոյն պաշտօնը կը կատարէ TC-USA PAC-ի մէջ: Կայքը կը պնդէ, որ քաղաքային եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ կան ընտրուած 11 թուրք պաշտօնեաներ, սակայն ոչ ոք՝ պետական կամ դաշնակցային մակարդակներու մէջ:
5) Թրքական PAC-TX.- Դրամահաւաքի մասին տեղեկութիւն չկայ անոր կայքէջին վրայ եւ ոչ մէկ ղեկավարի անուն կը նշուի հոն: Խումբին գրասենեակը կը գտնուի Հիւսթըն, Թեքսաս:
Հետեւեալ լրացուցիչ տեղեկութիւնը կարելի է գտնել tenthousandturks.org կայքին վրայ. «2019-2020ի ընտրական փուլին, PAC-երը նուիրած են՝ Քոնկրեսի դեմոկրատական քարոզարշաւի յանձնախումբին (DCCC), Քոնկրեսի ազգային հանրապետական յանձնախումբին (NRCC), Քոնկրեսի սեւամորթ խմբաւորման PAC-ին (CBC PAC) եւ Bold PAC-ին (Քոնկրեսի սպանախօս PAC-ին):
«PAC-երը նաեւ նուիրած են երեք ամերիկացի ծերակուտականներու, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 61 թեկնածուներու եւ նահանգային կամ տեղական մրցապայքարներու 10 թեկնածուներու: Յաղթանակներուն տոկոսը կազմած է՝ Ծերակոյտի համար 100, Ներկայացուցիչներու տան համար 98 եւ նահանգային ու տեղական պաշտօններու համար 50 առ հարիւր: Առաւել, PAC-երը կարեւոր դեր խաղացած են 2020ին, հանրային պաշտօններու համար պայքարող 11 թուրք ամերիկացիներու, ցարդ ամէնէն մեծ թիւով, եւ թուրք ամերիկացի երեք ամուսիններու, այսինքն ընդհանուր թիւով՝ 14 թեկնածուներու համար:
«2019-2020 ընտրական փուլին PAC-երու նշանաւոր յաջողութիւնները հետեւեալներն էին.
«(1) Թուրքիոյ խմբաւորման նախկին համանախագահ, քոնկրեսական Փիթ Սեշընզի յաղթական վերադարձը Թեքսասի 17րդ քոնկրեսական շրջան՝ 2018ին կրած պարտութենէն ետք, երբ կը ներկայացնէր 32րդ շրջանը.
«(2) Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ թուրք ամերիկացիներու յայտնի ընկեր Ֆարրահ Խանի ընտրութիւնը իբրեւ Ըրվայնի քաղաքապետ, Քալիֆորնիա.
«(3) Թուրք ամերիկացի Այշա Սաուայի ընտրութիւնը՝ իբրեւ Ուիսքանսըն նահանգի Միլուաքի քաղաքի հաշուեքննիչ.
(4) Թուրք ամերիկացի Թայֆուն Սելենի վերընտրութիւնը իբրեւ գաւառային յանձնակատար՝ Նիւ Ճըրզիի Մորիս գաւառի ընտրուած խորհուրդին մէջ.
(5) Պեն Պարթլեթի՝ թուրք ամերկուհի Ելտա Պարթլեթի ամուսնոյն, վերընտրուիլը իբրեւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Պըրքլիի մէջ, Քալիֆորնիա.
(6) Թուրք ամերիկացի Սարփ Էրսոյլուի կնոջ՝ Լիա Էրսոյլուի ընտրութիւնը իբրեւ Քալիֆորնիոյ Օրենճ Գաւառի Նիւփորթ Մեսա միացեալ կրթաշրջանի հոգաբարձու»:
Բնականաբար, թուրք ամերիկացիները իրաւունք ունին Միացեալ Նահանգներու մէջ նիւթապէս սատարելու քաղաքական արշաւներու, ինչպէս կ՛ընէ ոեւէ ամերիկացի: Միակ խնդիրը այն է, որ անոնք իրենց քաղաքական դաշտը կ՛օգտագործեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կեղծիքներ տարածելու համար: Անոնց դրամահաւաքի քաղաքական կայքը լեցուն է ապատեղեկատուութեամբ՝ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուած Ցեղասպանութեան մասին: Այս իրականութեան դիմաց, ամերիկահայերը պէտք է հակազդեն իրենց սեփական՝ «Մէկ միլիոն հայերու արշաւ»ի ստեղծումով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱԱՆ