ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ Է ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան պատրաստակամ է վերսկսելու Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման ամբողջական գործընթացը` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով` յայտնի սկզբունքներուն եւ տարրերուն հիման վրայ: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին՝ անդրադառնալով Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն:
Ան նախ կարեւոր նկատեց 23 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ եւ 24 Սեպտեմբերին, համանախագահներուն միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ իր ունեցած հանդիպումները:
«Դրանք, ըստ էութեան, գալիս են եւս մէկ անգամ փաստելու, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը, քաղաքական կարգաւորումը մնում է օրակարգում: Նիւ Եորքում տեղի ունեցած հանդիպումներին վերահաստատել եմ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` վերսկսելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման լիարժէք գործընթացը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափում` յայտնի սկզբունքների եւ տարրերի հիման վրայ», նշեց ան:
Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ իրենց հանդիպումին ընթացքին Հայաստան բարձր գնահատած է Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ Չեխիոյ դիրքորոշումը, որ համահունչ է Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման. այն է` աջակցութիւն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով խաղաղ բանակցութիւններու շարունակութեան եւ հակամարտութեան լուծման երկարատեւ եւ կայուն լուծման փնտռտուքին։
Հայաստանի եւ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող եւ լուծում սպասող բազմաթիւ մարդասիրական հարցերու. անոնք մանրամասնօրէն խօսուեցան Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդ առնուած քաղաքացիներու հարցին մասին, կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ զանոնք անյապաղ ազատ արձակելը:
Չեխիոյ նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր ու յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: