ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Երկիր»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի նախկին նախարար, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, անդրադառնալով Ալիեւի յայտարարութեան, թէ՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հայերը նախապէս կը ձգտէին անկախութեան, իսկ հիմա սկսած են խօսիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավարութեան մասին», ըսաւ, որ իրեն համար այս միտքը անընդունելի է՝ աւելցնելով, թէ այդ մասին նոյնիսկ խօսիլը աւելորդ է` Արցախը որեւէ ձեւով չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կազմին մէջ։
Արցախի ժողովուրդին մօտ այդպիսի տրամադրութիւններ չկան, ըսաւ Լ. Յովհաննիսեան: Աւելին՝ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւս յայտարարեց, որ Արցախը որեւէ ձեւով չի կրնար մաս կազմել Ատրպէյճանին: Այսինքն, գոնէ այս հարցին մէջ, թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ իշխանութիւնները` ի դէմս արտաքին գործոց նախարարին, յայտարարեցին, որ համակարծիք են:
Լրագրողը հարցուց, թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները ի՞նչ ունին ընելիք՝ Արցախի կարգավիճակի հարցը յառաջ տանելու համար․ Լեռնիկ Յովհաննիսեան պատասխանեց՝ ըսելով, որ առաջին հերթին պէտք է Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող մեր պատմամշակութային ժառանգութեան ճակատագիրով զբաղին, որովհետեւ Ատրպէյճան սկսած է մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը, եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ ձեւախեղելով, մէկ մասը ոչնչացնելով` կ՛ոչնչացնէ ոչ միայն մեր միջնադարեան պատմամշակութային ժառանգութիւնը, այլ նաեւ համեմատաբար նոր յուշարձանները՝ թէ՛ Հայրենական մեծ պատերազմին, թէ՛ Արցախեան ազատամարտի զոհերուն նուիրուած եւ թէ նոր կառուցուած եկեղեցիները՝ այն բոլորը, ոչոնք այսօր մնացած են թշնամիին կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ:
«Սա շատ կարեւոր է եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբն այստեղ անելիք ունի: Արցախում մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան տեսանկիւնից ՀՀ եւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքների գրասենեակները շատ արդիւնաւէտ են աշխատում այդ ուղղութեամբ` ի տարբերութիւն ՀՀ իշխանութիւնների թէ՛ Արցախի բռնագրաւուած տարածքների եւ թ՛ Հայաստանի այն սահմանամերձ գօտիների մասով, որոնք ապօրինաբար գրաւուած են այսօր ադրբեջանական ուժերի կողմից: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը պէտք է անպայման անդրադառնայ սրան, եւ կարգավիճակի հետ կապուած հարցերում էլ անպայման հաշուի առնի», դիտել տուաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Անընդհատ կը խօսուի ատրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձին մասին՝ նշեց ան, բայց հայ գաղթականներուն մասին որեւէ խօսք չկայ, չի խօսուիր երբեք 1988էն գաղթած ամբողջ Հիւսիսային Արցախի եւ ընդհանուր ատրպէյճանահայութեան` Պաքուէն եւ Սումկայիթէն գաղթածներուն վերաբերող հարցերուն մասին:
Pashinian declared last year: ‘Arzakh is Armenia and end”; 75% occupied,
now is trying to sell several Armenian provinces ,after Azerbaijan pressure
ELIMINATE YERAPLOOR SOLDIERS CEMETERY as INVADERS, REBELS, CRIMINALS
ASKING REPAIR, INSTEAD OF HIM DESTROYING 12,000 stone CROSS ANTICS
2005 BY HIS SOLDIERS, COMMITTING GENOCIDE IN AZERBAIJAN. HE OWES
US AT LEAST 300 BILLION ACTUAL US$, Pashinian has NO legal or constitutional
POWERS AS ONE PERSON TO SELL ARMENIAN LANDS WITHOUT REFERENDUM
AS AGENT, SUBJUGATED WAITER TO 3 UNITED ALLIES TO SELL 1SQ INCH LAND,
FIRE SQUAD CANDIDATE, UNWISELY PROVOKING REGIONAL WAR, TURNING
INTERNATIONAL ON ARMENIA SOIL, BEING BERLIN WALL KIND STATE FOR 3
ALLIES, AIMING TO OCCUPY IRAN AND ALL ARABIC STATES. PROTESTS STARTING,
MUST BE IN ALL COUNTRIES, SHOWING BY MAP AND LEGAL BORDERS, ACCEPTED
BY ALL INCLUSIVE TURKEY NOW AS HYENA TYPE PROVOCATEUR, READY FOR 2ND
GENOCIDE.