ԱԹԷՆՔ.- Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 24րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 Սեպտեմբերին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու, Ատիկէի եւ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղերու եւ պարի միաւորին կողմէ ընտրուած եւ լիազօրուած պատգամաւորներու։
Ժողովին ներկայ եղան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ «Ազատ Օր»ը։ Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի խմբավար Մկրտիչ Գրիգորեան եւ պարուսոյց Էտկար Էկեանը։ Հրաւիրեալներու թիւը այս տարի պահուած էր խիստ սահմանափակ, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատշաճեցնելով ժողովը, իսկ Թեսաղոնիկէի պատգամաւորներու մասնակցութիւնը կը կատարուէր առցանց։
Ժողովականներուն համար պատրաստուած էր յատուկ թղթածրար մը, որ կը ներառէր նստաշրջանի տեղեկագիրը, Ներկայացուցչական ժողովի օրակարգը եւ աշխատանքի ժամանակացոյցը:
Ժողովը բացուած յայտարարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Յուլիանա Մանուկեան, որ յայտնեց, թէ անցնող նստաշրջանին ընթացքին Համազգայինի մեծ ընտանիքը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր բազմավաստակ ատենապետ Յովսէփ Պարազեանը եւ միութեան հաւատարմօրէն ծառայած անդամներ՝ Օննիկ Շանկայեանը, Բիւզանդ Ունճեանը, Յովսէփ Ղեւոնդեանը, Էլիզ Մարտիկեանը, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ Համազգայինի պարախումբերու ղեկավարութիւնը ստանձնած, պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանը։ Ատենապետուհին խնդրեց յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը Համազգայնական մահացած անդամներուն եւ Արցախի 44օրեայ պատերազմին իրենց կեանքը զոհած հայ հերոսներուն։
Իր խօսքը ուղղեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, որ անրադարձաւ այն բոլոր մարտահրաւէրներուն, որոնց Համազգայինը դէմ յանդիման գտնուեցաւ վերջին տարիներուն։ Ան գոհունակութեամբ շեշտեց Ռուսիոյ տարածքին երկու նոր մասնաճիւղերու հիմնումը եւ ան թուեց նաեւ կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային մարզերուն մէջ միութեան նուաճումները։ Մկրտիչեան յաջողութիւն մաղթեց ժողովին եւ պատգամաւորներուն։
Ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն, ընտրելով իր դիւանը եւ բանաձեւերու, արխիւային ու հաշուեքննիչ յանձնախումբերու անդամները։
Օրակարգերու քննարկման ընթացքին, ժողովը կեդրոնացաւ շարքերու խտացման, երիտասարդ անդամներու ներգրաւման կարեւորութեան եւ անոնց աշխուժացման հարցին, հայախօսութեան զարգացման առաջարկներու, ինչպէս նաեւ միութեան կառոյցը ընդլայնելու ու հայ մշակոյթը եւ կրթութիւնը առաւել եւս տարածելու նախաձեռնութիւններուն վրայ։
Նշուեցաւ, թէ Շրջանային վարչութիւնը իրականացուց իրեն վստահուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նոր գործեր իրագործելով ։
Իր ծաւալած ընդհանուր գործունէութեամբ, Շրջանային վարչութիւնը հաստատ մնաց մշակութային աշխատանքները պահպանելու իր առաքելութեան, զարգացնելով համագործակցութիւնը միութիւններու եւ մշակութային-հասարակական դաշտին մէջ գործող հայ անհատներու հետ։ Համաճարակին պարտադրուած սահմանափակումներու ժամանակաշրջանը միայն բացասական ազդեցութիւններ չունեցաւ, այլ առիթ ալ հանդիսացաւ, որ այս նստաշրջանին ընթացքին կարելի ըլլայ իրագործել երկար ատեն հետապնդուած նպատակ մը, որն էր արխիւներու թուայնացման գործը, որ սկսած է եւ ընթացքի մէջ է։ Անիկա շատ մեծ եւ հարուստ արխիւի պատրաստութիւն մըն է, որուն մէջ կը ցոլանայ միութեան առաւել քան 70 տարուան ճոխ եւ բազմամարզ գործունէութիւնը։ Ապահով կերպով կը դասաւորուին ու կը կանոնաւորուին նաեւ միութեան արխիւները ու թանգարանային իրերը, որոնց մեծ մասը պահուած է «Ազատ Օր»ի խմբագրատան մէջ գտնուող Համազգայինի գրասենեակը։
Ներկայացուցչական Ժողովի վերջին օրակարգի հիման վրայ ընտրուեցաւ 2021-2023 համար նոր Շրջանային վարչութեիւնը՝ բաղկացած հետեւեալ անդամներէն. Յուլիանա Մանուկեան, Վերժին Կարապետեան, Կիւլա Քարապաճաքեան, Էտկար Էկեան, Սիմոն Ասիպեան, Լիանա Թեհերեան եւ Ճուլի Մանոյեան։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ–Ի ԹՂԹԱԿԻՑ