Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Ռոմա»ն Հռոմի մէջ հիւրընկալեց «Էմփոլի»ն եւ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան կատարեց առաջին կօլին փոխանցումը (42րդ վայրկեանին), իսկ Բ. կիսախաղի 48րդ վայրկեանի, նշանակեց յաղթական կազմին երկրորդ կօլը:
Այժմ «Ռոմա»ն 15 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4րդ դիրքը: