ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէն յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած իրանցի երկու վարորդները ազատ արձակուեցան: Շահրուտ Նորուզիի եւ Ճաֆար Պարզեկարի ազատ արձակումը Ատրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէն ներկայացուց՝ իբրեւ «մարդասիրական սկզբունքներու, փոխադարձ յարգանքի եւ բարի կամքի դրսեւորում»: Ըստ «Իրնա» լրատու գործակալութեան՝ վարորդները կը վերադառնան տուն՝ իրաւական գործընթացներու աւարտէն ետք։
«Իրնա»ն յիշեցուց, որ այս առնչութեամբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ 4 Հոկտեմբերին յայտնեց, որ Իրան իր վարորդներուն նկատմամբ վերաբերմունքը բարի դրացիութեան ծիրին մէջ չի դասեր:
Յիշեցնենք, որ երկու իրանցի վարորդները Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ձերբակալուած էին 15 Սեպտեմբերին, Գորիս-Կապան մայրուղիի հատուածին մէջ: