
Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ ՌԱԿի երկարամեայ վաստակաշատ եւ հաւատաւոր ղեկավարներէն, Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գէորգ Մանտոսեանի (ծնեալ 1934ին, Երուսաղէմ) մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 17 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Երիտասարդ տարիքէն ՌԱԿի շարքերը համալրած հանգուցեալը իր կեանքի ամբողջ ընթացքին գործօն մասնակցութիւն բերած է նախ՝ իբրեւ ՌԱԿի երիտասարդական միութիւններու անդամ, ապա՝ իբրեւ հաւատաւոր կուսակցական, սկսած իր ծննդավայր Երուսաղէմէն, անդամակցելով Հայ Երիտասարդաց միութեան (ՀԵՄ), աւելի ուշ Յորդանանի մէջ, մաս կազմելով Ազգային Մարզական միութեան (ԱՄՄ), ապա Պէյրութ եւ Միացեալ Նահանգներ, ուր տասնամեակներ շարունակ եղած է ՌԱԿի Լոս Անճելըսի շրջանակի ղեկավար դէմքերէն:
Մանտոսեան տարիներով ղեկավար հանգամանքներ ունեցած է ՌԱԿի Արեւմտեան շրջանակին մէջ, նախ իբրեւ ատենապետ եւ անկէ ետք իբրեւ անդամ՝ Շրջանային վարչութեան. ան եղած է նաեւ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ԹՄՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան եւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ:
Իբրեւ ազգային գործիչ՝ անդամակցած է ՀԲԸՄին, եղած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետ: Ան նաեւ նշանակալի մասնակցութիւն ունեած է Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանի կառուցման աշխատանքներուն եւ հանդիսացած է Արշակ Տիգրանեան վարժարանի թէ՛ գոյառման եւ թէ վարժարանը կեանքի կոչուելէն ետք անոր վարչական աշխատանքներուն գլխաւոր դերակատարներէն մէկը՝ իբրեւ վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ:
Ան արժանացած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանին: