ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չի գիտեր, որ միշտ կարելի չէ ուզածդ ստանալ՝ կաշառելով քաղաքական գործիչներ եւ վճարելով անոնց: Կահ սահման մը, որմէ անդին չես կրնար դրամով բան գնել: Երբեմն ճշմարտութիւնը աւելի մեծ արժէք է:
Ըստ երեւոյթին, Ատրպէյճանի ղեկավարները այս կարեւոր դասը չեն սորված: Անոնք տասնեակ միլիոն տոլարներ վատնած են՝ վճարելով լոպիական ընկերութիւններու եւ քաղաքական կաշառուած գործիչներու:
Նման անօգուտ գործունէութեան օրինակ է ատրպէյճանական մոլուցքը՝ փորձելու շահարկել 1992ի Արցախեան պատերազմին ընթացքին Խոճալուի մէջ քանի մը հարիւր ատրպէյճանցիներու սպանութեան վիճայարոյց միջադէպը: Այս մասին կան տարբեր վարկածներ, թէ՝ իսկապէս ի՛նչ տեղի ունեցած է Խոճալուի մէջ: Այսուամենայնիւ, Ատրպէյճան մեծ ջանքեր գործադրած է՝ աշխարհին յերիւրանքով համոզելու համար, որ հայերը «ցեղասպանութիւն» իրականացուցած են Խոճալուի մէջ…
Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին, ատրպէյճանական սովորական մօտեցումն է՝ կաշառել քաղաքական գործիչները՝ Խոճալուի սպանութիւններու տարելիցին նուիրուած հռչակագիրներ հրապարակելու համար: Ատրպէյճանի առաջին նախագահ Այազ Մութալիպով 1992ին չեխ լրագրող Տանա Մազալովայի հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ իր ատրպէյճանցի քաղաքական հակառակորդները այս միջադէպը օգտագործած են զինք իշխանութենէն հեռացնելու համար: Ան նաեւ ըսած է, որ հայ զինեալներ Խոճալուի ատրպէյճանցի բնակչութիւնը յորդորած են, որ վերջիններս փախուստի դիմեն բաց ձգուած ճամբով մը, սակայն Ատրպէյճանի ազգային ճակատը խոչընդոտած է անոնց ելքը քաղաքէն:
Ատրպէյճան յաջողած է իր քարիւղի տոլարներով հասնիլ հոն, որ Միացեալ Նահանգներու 23 նահանգներ Խոճալուի մահերը ոգեկոչեն իբրեւ «կոտորած»: Հակառակ Ատրպէյճանի լոպիական յամառ ջանքերուն, այս նահանգներէն ոչ մէկը ընդունած է Ատրպէյճանի ենթադրեալ «ցեղասպանութիւն» եզրը՝ նկարագրելու համար այդ քանի մը հարիւր ատրպէյճանցիներուն մահը Խոճալուի մէջ: Ատրպէյճան նաեւ իր լեցուն գրպանները օգտագործած է այս սպանութիւններուն ճանաչումը ստանալու համար ութ երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ, ինչպէս՝ Ատրպէյճանի (բնականաբար), Փերուի, Փանամայի, Հոնտուրասի, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի, Սլովենիոյ, Ճիպութիի եւ Փարակուէյի: Աւելին, հետեւեալ եօթը երկիրներուն՝ Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Մեքսիքայի, Քոլոմպիոյ, Չեխիոյ, Սուտանի եւ Կուաթեմալայի խորհրդարաններու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերը ոգեկոչած են Խոճալուի սպանութիւնները:
Ատրպէյճան օգտագործած է յիշատակի այս բանաձեւերը, որպէսզի վնասէ Հայաստանի հեղինակութեան եւ հակազդէ աւելի քան 30 երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու 49 նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Թէեւ երբեմն դրամը կրնայ օգնել՝ ստանալու համար ձեր ուզածը, սակայն ուրիշ ատեն դրամը կրնայ խայտառակել ձեզ, ինչպէս պատահեցաւ յատկապէս անոնց, որոնք նախապէս ոգեկոչած ըլլալով Խոճալուի յիշատակը՝ այժմ կը հերքեն զայն եւ ներողութիւն կը խնդրեն ու չեղեալ կը համարեն իրենց ճանաչումը, հասկնալէ ետք, որ իրենք խաբուած էին:
Այն, ինչ տեղի ունեցաւ Սան Տիէկոյի՝ Քալիֆորնիոյ երկրորդ մեծ քաղաքին մէջ, այս ըսուածին նորագոյն խայտառակ օրինակն էր: 14 Հոկտեմբերին, ատրպէյճանական լրատուական միջոցները եւ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղաեւ պարծենալով յայտարարեցին, թէ Սան Տիէկոյի քաղաքապետ Թատ Կլորիա հռչակագիր մը հրապարակած է՝ 18 Հոկտեմբեր 2021ը սահմանելով իբրեւ «Ատրպէյճանի անկախութեան վերականգնման օր»:
Հռչակագիրին մէջ ստայօդ կը պնդուէր, որ «Ատրպէյճան միջազգայնօրէն կը նկատուի յաջողակ օրինակ մը մահմետականներու, քրիստոնեաներու եւ հրեաներու խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութեան համար»: Գլխաւոր հիւպատոս Աղաեւը այս առիթով բոլորին յիշեցուց, որ 2021ին «կ՛ամբողջանայ Պաքու-Սան Տիէկօ համագործակցութեան տասնամեակը»: Աղաեւ նաեւ նշեց, որ «1991էն ի վեր, ատրպէյճանցիները առաջին անգամ ըլլալով այս տարեթիւը պիտի նշեն իբրեւ յաղթանակած ժողովուրդ, որ վերականգնած է իր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Սակայն, գլխաւոր հիւպատոսին ոգեւորութիւնը տեւեց միայն մէկ օր: 15 Հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը տարածեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը՝ կոչ ընելով Սան Տիէկոյի քաղաքապետին չեղեալ համարելու իր հռչակագիրը, որ «կ՛արդարացնէ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները»: Նոյն օրը, Սան Տիէկոյի քաղաքապետը չեղեալ յայտարարեց նախապէս իր ընդունած ատրպէյճանամէտ հռչակագիրը: «Ցաւով կը նշեմ, որ այս հռչակագիրին հրապարակումը սխալմունք է եւ պէտք է, որ անիկա աւելի մանրակրկիտ քննուէր անձնակազմին կողմէ, քանի որ հոն հաշուի չեն առնուիր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, պատմութիւնը եւ ընթացիկ իրադարձութիւնները», գրած է քաղաքապետը:
Աւելի կարեւորը՝ քաղաքապետին յայտարարութիւնն էր, որուն մէջ ան կ՛ըսէ. «Թէեւ նախկին վարչակազմերու կողմէ Սան Տիէկօ քաղաքը հռչակագիրներ հրապարակած է Ատրպէյճանի անկախութեան օրուան եւ նմանատիպ առիթներով, իմ գրասենեակը, սակայն, այս պահէն ետք պիտի չբաւարարէ այդ խնդրանքները: Այս նպատակով ալ ես չեղեալ կը համարեմ սոյն հռչակագիրը, իսկ Սան Տիէկօ քաղաքը 18 Հոկտեմբերին պիտի մերժէ ճանչնալ զայն: Կը խնդրեմ, ընդունեցէք իմ խորին ափսոսանքը այս սխալմունքին համար, միաժամանակ ընդունեցէք գնահատանքս՝ իմ ուշադրութիւնը այս հարցին վրայ հրաւիրելու համար»:
Ասիկա «Պաքու-Սան Տիէկօ համագործակցութեան» աւարտն է: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը մուկի մը պէս լուռ էր այն պահէն ի վեր, երբ քաղաքապետը չեղեալ յայտարարեց իր իսկ հռչակագիրը: Գլխաւոր հիւպատոսը ոչինչ ըսաւ…
Չեղեալ յայտարարուած ատրպէյճանամէտ հռչակագիրներու շղթան Սան Տիէկոյով վերջ չի գտներ: 26 Փետրուար 2021ին, Պոսթընի քաղաքապետ Մարթին Ուոլշ հռչակագիր մը հրապարակեց «Խոճալուի օրը» նշելու մասին: Այսուամենայնիւ, 10 Մարտ 2021ին, քաղաքապետը փոխեց իր կարծիքը եւ գրեց հետեւեալը. «Ես կ՛ուզէի ներողութիւն խնդրել ամերիկահայ համայնքէն…։ Ամերիկահայ համայնքի ղեկավարներու հետ մեր ունեցած զրոյցներէն ետք մենք կը հասկնանք, որ այս հռչակագիրը վիրաւորական եղած է ձեզմէ շատերուն համար…։ Ես որոշած եմ չեղեալ յայտարարել այս հռչակագիրը»: Քաղաքապետ Ուոլշ, որ այժմ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի նախարարն է, բարձր գնահատական տուած է տեղի հայ համայնքին եւ անդրադարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման: Այն, ինչ սկսաւ իբրեւ ատրպէյճանական քարոզչական ջանք, աւարտեցաւ իբրեւ Հայաստանի եւ հայերու հանրային կապերու մեծ յաղթանակ:
Նոյն բեմագրութիւնը կրկնուեցաւ Մէյն նահանգի Փորթլենտ քաղաքին մէջ: Քաղաքապետ Քեթլին Սնայտըր ի սկզբանէ հռչակագիր մը հրապարակած էր 17 Փետրուար 2021ին՝ ի յիշատակ «Խոճալուի յիշատակի օրուան»: Այսուամենայնիւ, 1 Ապրիլ 2021ին, քաղաքապետը գրեց հետեւեալը. «Ես որոշեցի չեղեալ յայտարարել քաղաքապետին հռչակագիրը»։ «Անգամ մը եւս ներողութիւն կը խնդրեմ այն ցաւերուն եւ վիրաւորանքին համար, զորս պատճառած է այս հռչակագիրին հրապարակումը…», կ՛աւելցնէ ան:
Նմանապէս, Քալիֆորնիոյ Թորընս քաղաքը յայտարարութիւն տարածած է 15 Հոկտեմբեր 2021ին՝ «Ատրպէյճանի օրը» նշելու մասին: Անիկա Սան Տիէկոյի հռչակագիրին ճշգրիտ պատճէնն է: Նոյն օրը սակայն, աւելի ուշ, Թորընս քաղաքի քաղաքապետ Փաթրիք Ֆիւրի յայտարարեց, որ քաղաքը «սխալմամբ հռչակագիր մը հրապարակած է: Նախապէս քաղաքային իշխանութիւններ Թորընս քաղաքին մէջ յայտարարած էին Ատրպէյճանի ազգային օրը՝ հռչակագիրը ուժի մէջ մտնելու օրը: Համապատասխան տարածաշրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, քաղաքը յարգանքով խնդրած է Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն՝ հռչակագիրը ջնջել լրատուական բոլոր միջոցներէն»: Այսուամենայնիւ, Սան Տիէկոյի եւ Թորընսի չեղեալ նկատուած յայտարարութիւնները տակաւին գլխաւոր հիւպատոս Աղաեւի «ֆէյսպուք»ի էջին վրայ են:
Ասիկա նաեւ օրինակ մըն է Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին ի գործ դրած քարոզչական անյաջող ջանքերուն: Քալիֆորնիոյ հայերուն բախտը բերած է, որ Ատրպէյճան Լոս Անճելըս ուղարկած է նմանօրինակ ապիկար գլխաւոր հիւպատոս մը: Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, եթէ շուտով զայն յետս կոչեն Պաքու:
Բազմաթիւ այլ օրինակներ կան ատրպէյճանական քարոզչութեան անյաջող փորձերուն մասին: 25 Փետրուար 2021ին, Մինըսոթայի նահանգապետ Թիմ Ուալս հռչակագիր մը հրապարակեց «Ատրպէյճանի օրուան» կապակցութեամբ, սակայն մերժեց անոր մէջ ներառել «Խոճալու»ի յղումը: Այսուհանդերձ, ատրպէյճանական լրատուական միջոցներ կեղծ տեղեկութիւններ տարածեցին այն մասին, որ իբր թէ նահանգապետը ստորագրած է «Խոճալուի ցեղասպանութեան» յիշատակի հռչակագիր մը:
Փոխանակ չեղեալ յայտարարելու Ատրպէյճանի լոպիինկին յորդորով հրապարակուած յերիւրածոյ հռչակագիրները, ամերիկահայ համայնքը պէտք է կանխարգելիչ քայլերու դիմէ, որպէսզի ատրպէյճանամէտ կեղծ հռչակագիրներ նախ եւ առաջ երբե՛ք լոյս չտեսնեն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ