ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Բառերու խորհրդաւոր աշխարհին նուիրուած յօդուածաշարիս մէջ, յարգելի ընթերցող, կը փորձեմ արուեստով վերաբերիլ իւրաքանչիւր բառի հետ: Կը խօսիմ անոր բարեմասնութիւններուն մասին, ներկայացնելով զայն իր գեղեցկագոյն վիճակին մէջ: Իսկ այսօր, ժամանակը եկած է, որ զրուցենք «արուեստ» բառին մասին, քանզի անիկա՛ է, որ նրբութիւն կու տայ մեր ձեռքի եւ միտքի գործերուն:
Տեսնելու համար, թէ «արուեստ» բառը ի՛նչ ազդեցութիւն ունի հայրենիքի ներկայ կենցաղին վրայ, ձեզի կը յանձնարարեմ մայրաքաղաք Երեւանի պողոտաներուն մէջ քալել ու դիտել իր անունի վրայ «արուեստ» բառը կրող թանգարանները եւ պատկերասրահները: Մէկ միլիոն բնակիչ ունեցող արեւելեան քաղաքի մը համար զարմանալի թիւ մը կը կազմէ անիկա: Ապա, ուշ երեկոյեան, երբ վերջանայ ձեր շրջագայութիւնը, կը յանձնարարեմ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին առջեւ գտնուող բազմաթիւ բացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ նստիլ, ապսպրել ուրցի թէյ, լեմոնով անշուշտ, ու հաճոյքով մտաբերել ձեր կազմած ցանկը. «Ժողովրդական արուեստի թանգարան», «Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան», «Ժամանակակից արուեստի թանգարան», «Հայաստանի փայտարուեստի թանգարան», «Նորարար փորձառական արուեստի կենտրոն», «Վալմար արուեստի սրահ», «Գէորգ Գրիգորեանի արուեստանոց-թանգարան», «Ռուսական արուեստի թանգարան», «Միջին Արեւելքի արուեստի թանգարան»:
«Արուեստ»ը նոր չէ մեզի համար, որքան ալ այլափոխուած ըլլան անոր արտայայտութեան ձեւերը, ինչպէս, արուեստ՝ գրչութեան, քերթողութեան, հռետորութեան, ժողովրդական, կիրառական, զինուորական, ինչպէս նաեւ՝ գորգարուեստ, երգարուեստ, խոհարուեստ…:
«Արուեստ» բառը Գրաւոր հայերէնի մէջ յայտնուեցաւ Ոսկեդարուն: Բացատրութիւնը այսպէս էր. «Ճարտարութիւն, հմտութիւն, գործ ճարտար, եւ հնարք ՛ի գործել ինչ յո՛ր եւ է կարգի՝ մեքենական կամ ազատական կամ բանական» («Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի», Վենետիկ, 1836)։ Այդ օրերուն մեր մատենագրութիւնը, շնորհիւ բարձրարուեստ գրիչներու աշխատանքին, կը զարդարուէր արուեստաբոյր տողերով. «Եփեալ ըստ արուեստի իւղագործաց», «Լի արուեստիւ, եւ իմաստութեամբ, եւ գիտութեամբ», «Քերականութիւն ընդ հանուր արհեստիւ է», «Իմաստասիրութիւն է արհեստ արհեստի», «Սարդ յոյժ արուեստաւ կազմէ»:
5րդ դարուն հայը մասնագիտացած էր արուեստներու մէջ: Այս կարծիքը կը հաստատեն Մաշտոցի, Կորիւնի, Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի ստեղծագործութիւններուն մէջ տեղ գտած «արուեստապետ», «արուեստագէտ», «արուեստանոց», «արուեստաւոր» եւ «արուեստաբան» բառերը: Որքան աւելի հմտացանք արուեստին մէջ, նոյնքան շատ բառեր աւելցան բառացանկին վրայ. «արուեստագիր», 6րդ դար, «արուեստարան», 8րդ դար: Հայոց լեզուին մէջ այսօր «արուեստ» բառով շինուած բառերու թիւը կը հասնի 100ի: Երբ «արուեստ» արմատը մեր միտքի բարդութիւնները ամփոփելու համար չեղաւ բաւարար, հնարեցինք նոր բառեր, ինչպէս՝ բազմարուեստ, ձեռարուեստ եւ զարդարուեստ: Արուեստի բացակայութիւնը կամ չարաշահումն ալ դարձաւ բառ: Մեր ազգը, գաղտնիք չէ, ունեցեր է ունայնարուեստ, չարարուեստ եւ վրիպարուեստ անձեր:
Երեւանեան սրճարաններու մէջ արուեստով կը մատուցեն սուրճը եւ ուրցը: Կաթնասերով կամ ընտիր համեմներով կը զարդարեն զանոնք: Ապսպրեցէք երկրորդ բաժակը: Զայն վայելեցէք դանդաղօրէն: «Արուեստ» բառը ունի քանի մը ըսելիք եւս: Ուշադրութեամբ դիտեցէք նաեւ քաղաքի եռուզեռը: Ձեր քովէն անցած կրնայ ըլլալ փայտագործ, կաւագործ կամ ասեղծնագործ արուեստագէտ մը:
«Արուեստ» բառը, հակառակ իր բոլոր գեղեցկութեան, եւ դժուար է բացատրել, թէ ինչո՛ւ, գրաւիչ չեղաւ հայ հեղինակին համար: Հայկական միջնադարեան գրականութեան մէջ գրեթէ գոյութիւն չունի անիկա: Իսկ յիշատակարաններու մէջ, Աւետարան, Սաղմոսարան կամ Գանձարան ընթօրինակած գրիչները, որոնք տիրացած էին գրչութեան, քերականութեան եւ մանրանկարչութեան արուեստներուն, կամաւորապէս կոչուեցան անարուեստ. «Գրեցաւ ձեռամբ մեղաւոր եւ անարուեստ գծողիս», Գանձարան, 1436, «Մեղսաներկ ձեռամբ գրեցի զաստուածաւանդ Աւետարանս, թեպէտ անարուեստ եւ անարժան էի», Աւետարան, 1292, «Արդ, գրեցաւ սուրբ Աւետարանս… ձեռամբ անարուեստ գծողի Գալստի», Աւետարան, 1452: Ինքնահամեստ այդ մարդոց համար հաճելի էր այլ մեծերը կոչել «արուեստով»: 1431 թուականին Ամիդ քաղաքի հոգեւոր առաջնորդ նշանակուած բանաստեղծ Մկրտիչ Նաղաշ, որ «Անհամեմատ նկարիչ» ըլլալու համար ստացած էր Նաղաշ, այսինքն նկարիչ, ծաղկող մականունը, արժանացաւ հետեւեալ խօսքին. «… զամենյան դիւրաւ ուսանէր եւ զամենյան դժուարին արուեստ մի անգամ տեսանելով, նա գերագոյն քան զօրինակն՝ ներգործէր…»: Մ. Նաղաշէն երկու դար առաջ, բանաստեղծ, գիտնական, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Երզնկացի, հոգեւոր աչքով դիտեց երկնակամարը ու նկատեց, թէ երկնային մարմիններու շրջանին մէջ կայ արուեստ. «Որ արուեստիւ շարժեալ շրջէ զգունդն երկնական, / Եւ նոյն շարժմամբ ժամանակաց թիւք գոյանան», («Զարդք Երկնից»): 1650ներուն երկարաշունչ ողբ-ներբող մը գրի առաւ Սիմէոն Կաֆացին՝ Տէր Խասպէկ քահանայի մահուան առիթով ու ըսաւ. «… Արուեստ ձեռաց մտացն էր զարմանալի»: Մենք ունինք աւանդութիւն մը. արուեստը ողբի մէջ: Խրիմեան Հայրիկ իր «Վանգոյժ» երկով նպաստեց անոր. «Քո զէնք միայն խոփն ու արօր. արուեստ եւ վաճառականութիւն քո զբաղումն էր. եւ միթէ ա՞յս եղեւ հատուցումն քո հաւատարիմ հպատակութեան»:
Արուեստ բառը նոր փայլ մը ստացաւ մամուլի գիւտով եւ անոր շնորհիւ, յայտնուելով բազմաթիւ գեղատիպ, գեղակազմ ու գեղատեսիլ հրատարակութիւններու շապիկին վրայ: Ահա ընտիր բոյլ մը այդ ժառանգութենէն. «Օրինակք Հայկական Արուեստագրութեան», 1846, Մոսկուա, «Արուեստաբանութիւն», Վենետիկ, 1873, «Բառգիրք Արուեստից…», Վենետիկ, 1891, «Գործնական Արուեստախօսութիւն Կամ Գլխաւոր Արուեստներու Եւ Անոնց Դիւրին Կերպով Գործադրութեան Առաջնորդ», Վիեննա, 1884, «Գիրք Կամ Յօդուած Գրելու Արուեստը», հաւանաբար Վիեննա, 1908, «Արուեստ Տաղաչափութեան», Վենետիկ, 1913: Իսկ 1911 թուականին Պոլսոյ «Նշան Պապիկեան» տպարանէն լոյս տեսած հետեւեալ գիրքը պէտք է մեծ տպաքանակ ունեցած ըլլայ, որովհետեւ անիկա կը հետաքրքրէր բոլորը. «Առողջապահութիւն Կամ Հիւանդ Չըլլալու Արուեստը»:
1896ին, Եղիա Տէմիրճիպաշեան իմաստասիրեց «արուեստ»ի մասին. «Գրականութիւնն ինձ համար արուեստ մը չէ, հապա հոգիի պէտք մը», նամակ, Բերա, 24 Մայիս: Նոյն օրերուն, Գեղամ Բարսեղեան տաղ մը ձօնեց Աղթամարի տաճարին եւ ըսաւ. «Քու պանծալի քանդակներդ իրենց թանկագին արուեստին մէջ կը դողան»:
Ամառ օրերուն երեւանեան սրճարանները կը սիրեն ժամանակակից թեթեւ երաժշտութիւն մը նուագել յաճախորդներու համար, որոնք արուեստով հագուած կ՛ըլլան: Այդ երաժշտութեան երբեմն կը փոխարինէ նրբարուեստ հինը եւ յանկարծ Գուսան Շահէն մը կը յայտնուի եւ դուք կրնայ ըլլալ, որ ուրցի ձեր երրորդ բաժակը վայելէք երգահանի «Խռոված էր» սիրոյ տխուր երգով.
«Ա՜խ, իմ եարը անցաւ, գնաց,
աղաչեցի, ետ չդառաւ…
Նոր հասկացայ, որ իմ եարը
իմ արուեստից խռոված էր»:
Մինչեւ յաջորդ հանդիպում, յարգելի ընթերցող, մնացէք արուեստով: