ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը Հինգշաբթի յայտարարեց, որ Սուրիա-Իրաք-Յորդանան սահմանային եռանկիւնի շրջանին մէջ գտնուող Թանաֆի ռազմակայանը «անօդաչու թռչող սարքերով դիտաւորեալ եւ համակարգուած յարձակում»ի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ ամերիկեան ուժերու շարքերուն մէջ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ այժմ յարձակումին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ:
Աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ 2016ին հաստատուած Թանաֆի ռազմակայանը, ուր կը գտնուին ամերիկեան եւ բրիտանական ուժերը ենթարկուած է հրթիռային յարձակումի, նիւթական վնասներ կրելով: