ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տուած կարճատեւ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 27 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ, երկրի զինուած ուժերու գերագոյն փոխհրամանատար, շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու պետութիւններուն միջեւ աշխոյժ կերպով զարգացող յարաբերութիւններու խորացման, տարածաշրջանային եւ միջազգային հիմնահարցերուն վերաբերող շարք մը հարցեր։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ նաեւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ Պին Իսա Ալ Խալիֆայի հետ: Քննարկուեցան երկկող հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: