ՏՈՔԹ. ԽԱՉԻԿ ՌՇՏՈՒՆԻ

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ տոքթ. Խաչիկ Ռշտունիի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021ին, Կլենտէյլի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2021ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ինա (Բաբալեան) Ռշտունի
Զաւակը՝ Վահէ Ռշտունի
Զաւակը՝ Կարէն Ռշտունի
Զաւակը՝ Սուրէն Ռշտունի եւ դուստրերը՝ Ինա եւ Մարիա
Դուստրը՝ Այտա եւ Վահէ Ջուհարեան զաւակները՝ Մոսի եւ Արտա
Քոյրը՝ Սիրուն Ռշտունի
Քոյրը՝ Տիգի Ռշտունի
Քոյրը՝ Շաքէ (Ռշտունի) Արոյեան
Լիլի Տիմիճեան եւ զաւակները
Եւ համայն Ռշտունի, Ջուհարեան, Հալապլեան, Արոյեան եւ Տիմիճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave., Glendale
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէութեան կամ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, 500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204։
ՏՈՔԹ. ԽԱՉԻԿ ՌՇՏՈՒՆԻի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ իրենց ընկերուհիներէն Ինա Ռշտունիին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՏՈՔԹ. ԽԱՉԻԿ ՌՇՏՈՒՆԻի՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախկին երեսփոխանին եւ հոգաբարձական կազմի անդամին մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնն եւ յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Ինա Ռըշտունիին, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն: Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը: