
Կիրակի, 24 Հոկտեմբերին, Գիւտ Խաչի տօնը մեծ շուքով նշուեցաւ Արեւմտեան թեմին մէջ։ Օրը յիշարժան էր յատկապէս Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց Հայց. եկեղեցւոյ համայնքին համար, որովհետեւ հովուական այցելութեամբ այնտեղ կը գտնուէր թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեան՝ կատարելու եկեղեցւոյ սրբապատկերներու օծման եւ դպրաց ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութիւնները։
Օրուան պատարագիչն էր հիւրաբար թեմը այցելող Բագրատ եպս․ Գալստանեան։
Այս բաղձալի իրադարձութիւններուն առիթով եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մէկտեղուած էին բազմաթիւ հաւատացեալ հայորդիներ, որոնք եկած էին հաղորդակիցը ըլլալու այդ սրբազնասուրբ խորհուրդներուն։


Ս․ պատարագի կիսուն` սկիզբ առաւ դպրաց ձեռնադրութեան արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ․ Աբովեան հաւատացեալներուն ներկայացուց եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող երեք ընծայացուները՝ Անտրէ Կարապետեանը, Արին Պարսանեանը եւ Մեսրոպ Մատոյեանը, որոնք պիտի ստանային Դպրութեան չորս աստիճանները՝ Դռնապանութիւն, Ընթերցողութիւն, Երդմնեցուցչութիւն եւ Ջահընկալութիւն։ Ապա ընծայացուները Ս․ խորանին վրայ, Յովնան արք․ Տէրտէրեանի դիմաց ծնրադիր, ստացան դպրութեան չորս աստիճանները: Սրբազանը աղօթեց, որ Աստուած Սուրբ հոգիով հարստացնէ նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներու հոգիները, անոնց աչքերը բանալով հոգեւոր իմաստութեան դիմաց, որպէսզի անոնք կարենան առանց երկմտանքի մուտք գործել եւ յարատեւել աստուածային այս նուիրեալ ծառայութեան մէջ։
Ձեռնադրութեան աւարտէն ետք, սրբազան հայրերու ձեռամբ օծուեցան՝ նախ եկեղեցւոյ մայր խորանի, ապա աջ ու ձախ խորաններուն եւ պատերուն վրայ զետեղուած տասներկու առաքեալներու սրբապատկերները։
Ապա, սրբազանը ժողովուրդին փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ առաքելական ծագումին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին սրբապատկերներու կարեւորութեան, անոնց ծիսական գործածութեան եւ բարեպաշտական կեանքին մէջ ունեցած ներդրումին մասին:
Աւարտին, Յովնան արք․ Տէրտէրեան իր գնահատանքը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ․ Աբովեանին, ծխական խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու անդամներուն, ինչպէս նաեւ այն վարպետներուն, որոնց վրձինին արգասիքը կը հանդիսանան եկեղեցւոյ նրբագեղ սրբապատկերները: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց Բագրատ եպս․ Գալստանեանը, որպէսզի օրուան տօնի խորհուրդին համաձայն իր պատգամը փոխանցէ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Առաջնորդը իր խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Բագրատ սրբազանի առաջնորդական արդիւնաւոր ծառայութեան՝ իբրեւ երիտասարդ եւ հոգեւոր եռանդով հարուստ եկեղեցւոյ սպասաւոր։
Իր կարգին Բագրատ սրբազանը հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը եւ հրաւիրեց ժողովուրդը՝ իրենց կեանքը լեցնելու հայրենական սիրով եւ ծառայութեան գիտակցութեամբ։
Դիւան Առաջնորդարանի