ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակեց 2014ին, Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուած եւ խոշտանգուած՝ Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Մամիկոն Խոջոյեանի եւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի գործերով վճիռները: Անիկա հաստատեց, որ Պաքուն խախտած է հայ գերիներու կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներէ, խտրականութենէ զերծ մնալու, ազատութեան, անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքները:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը իր վճիռով կը պարտադրէ, որ Ատրպէյճան իւրաքանչիւր գործով վճարէ 40 հազար եուրօ:
Նշենք, որ 77ամեայ Մամիկոն Խոջոյեան գերի տարուած էր Յունուար 2014ին, երկու ամիս ետք՝ 4 Մարտին, ան վերադարձուած էր Հայաստան, սակայն կարճ ժամանակ ետք մահացած էր: Դատաբժշկական փորձաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ Խոջոյեանի մահուան պատճառը եղած է օրկանիզմի ընդհանուր թունաւորում:
Կարէն Պետրոսեան 7 Օգոստոս 2014ին, մոլորելով՝ հատած էր սահմանը եւ յայտնուած ատրպէյճանական գիւղի մը մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնը զայն ձերբակալած էռ եւ յաջորդ օրը յայտարարած, որ ան մահացաւ սիրտի կաթուածէ: