ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու 2022ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծի (NDAA) Ծերակոյտի տարբերակին քննարկումներուն ընթացքին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ ներկայացուցած է թիւ 4177 յաւելուածը, որ կ՛առաջարկէ նախագահէն խլել «Ազատութեան աջակցութեան» որոշումին թիւ 907րդ յաւելուածը շրջանցելու իրաւասութիւնը, գործնականապէս կասեցելով Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները, որոնք միայն 2016էն ի վեր 120 միլիոն տոլարի սահմանը անցած են։
Հակառակ Պաքուին ռազմական աջակցութիւնը սառեցնելու որոշումին վաւերացման, 2001էն ի վեր նախագահները այդ իրաւասութիւնը գործածած են շրջանցելու համար որոշումը։
Իր կարգին, ծերակուտական Ալեք Փըտիա ներկայացուցած է թիւ 4251 յաւելուածը, որ կը պահանջէ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն, որ միացեալ զեկուցում մը պատրաստեն 2020ին տեղի ունեցած Արցախ յարձակումին ընթացքին Ատրպէյճանի ռազմական ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ, ներառեալ՝ յարձակումներուն ընթացքին ամերիկեան արհեստագիտութեան կիրառումը, սպիտակ ֆոսֆորի եւ տարանջատուող ռումբերու եւ արգիլուած այլ զինամթերքի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւումը:

Այլ յաւելուածով մը՝ թիւ 4150, Մենենտեզ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն կը պահանջէ մանրամասն տեղեկութիւններ տրամադրել թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ ամերիկեան արհեստագիտութիւններու կիրառման վերաբերեալ՝ յիշեցնելով, որ առանց յատուկ արտօնութեան, երրորդ երկիրի մը կողմէ ամերիկեան արհեստագիտութեան օգտագործումը ամերիկեան օրէնքներու խախտում է:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտականներուն՝ շեշտելով, որ աշխատանքները պիտի շարունակուին՝ կասեցնելու համար Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան բոլոր ռազմական օժանդակութիւնները: Յիշեցնենք, որ Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծին Ներկայացուցիչներու տան վաւերացուցած տարբերակին (H.R.4350) մաս կարելի եղած էր դարձնել Հայ Դատի զօրակցութիւնը վայելող յաւելուածները, որոնք կը պահանջէին՝ ազատ արձակել բոլոր հայ գերիները, հետապնդել Պաքուի պատերազմական ոճիրները, յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրել Արցախին եւ «ահաբեկչական» որակել թուրք ազգայնամոլներու «Գորշ Գայլեր»