
ԹԷՐԷԶ (ԳՈԼՈՄՊՈՍԵԱՆ) ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1935ին, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Թէրէզ Պաղտոյեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2021ին։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Երկուշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Այտա եւ Գասպար Ալվանտեան եւ զաւակները՝ Քրիստափոր եւ Լօրիկ
Զաւակը՝ Արա եւ Սիլվա Պաղտոյեան եւ զաւակները՝ Անայիս եւ Սօֆի
Զաւակը՝ Արման եւ Արմինէ Պաղտոյեան եւ զաւակները՝ Վահէ եւ Անի
Եւ համայն Պաղտոյեան, Գոլոմպոսեան, Ալվանտեան, Մուրատեան, Նաճարեան, Կէօվլէքճեան, Աբէլեան եւ Սիրլզ ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
ԹԷՐԷԶ ՊԱՂՏՈՅԵԱնի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին՝ «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիրներէն Արման Պաղտոյեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԹԷՐԷԶ ՊԱՂՏՈՅԵԱնի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ իրենց ընկերներէն Արման Պաղտոյեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԹԷՐԷԶ ՊԱՂՏՈՅԵԱնի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիրներէն Արման Պաղտոյեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։