ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

27 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանի «Լսարանական Երեկոյ» ծրագիրին առցանց չորրորդ դասախօսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Հայկազուն արքեպիսկոպոս առաջնորդ հօր, դասախօս՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Անոր նիւթն էր՝ «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը քրիստոնեայի յարափոփոխ կեանքին մէջ»: Երկլեզու դասախօսութիւնը եկած էին ակնդրելու նիւթով հետաքրքրուած 55 անձեր, որոնցմէ 8ը՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան զանազան երկիրներու ոչ-հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ Նորվեկիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Անգլիայէն, Նոր Զելանտայէն եւ այլ երկիրներէ: Թէքնիք հարցերու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս միշտ, ստանձնեց Աւետիս քահանայ Համբարձումեան:
Հանդիսավարուհի Լօրա Արթինեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, սրբազան հօր աղօթքով մեկնարկեց ձեռնարկը: Ապա, Արթինեան, երկու լեզուներով՝ հայերէն եւ անգլերէն, ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ զայն հրաւիրեց արտասանելու իր խօսքը:
Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ կազմակերպողներուն եւ ըսաւ, որ ինք անքակտելի կապով կապուած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմին, ուր եղած է երկու առիթներով եւ ուր իր երկրորդ այցելութեան՝ 2018ին, տեղի ունեցաւ իր մեծածաւալ յուշագրութեան՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ» հատորին շնորհահանդէսը՝ կազմակերպուած առաջնորդարանին կողմէ:
Ի՞նչ է Աստուածաշունչը, ի՞նչ կը հասկնանք «Յանձնառութիւն» բառով, ի՞նչ է Աստուածաշունչի պարգեւած յոյսը, ինչպէ՞ս կարդալ, հասկնալ, մեկնաբանել եւ իւրացնել Աստուածաշունչի պատգամը: Այս ընդհանուր հասկացողութեան բացատրութիւնն էր դասախօսութեան առանցքը:
Փաուըր Փոյնթի միջոցաւ սահիկ առ սահիկ, երկու լեզուներով, դոկտ. Ճէպէճեան յստակ դարձուց իր պատգամը: Ան անդրադարձաւ լեզուամշակութային եւ լեզումտածողութեան գործօններուն, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին Աստուածաշունչը հասկնալու եւ մեկնաբանելու գործընթացին մէջ: Ասոր ցայտուն օրինակը բազմաթիւ Քրիստոնեայ յարանուանութիւններու առկայութիւնն է, սակայն բոլորին աղբիւրը Աստուածաշունչն է իր երկու կտակարաններով: Բանախօսը հերքեց այն թիւր հասկացողութիւնը, որ իբր թէ Հին Կտակարանը հրեաներու պատմութիւնն է միայն եւ անոնց քաղաքական նպատակներուն սկզբունքներու ներշնչման աղբիւրը, եւ իբրեւ թէ երկու կտակարանները կապ չունին իրարու հետ: Ան ըսաւ, որ այս վկայութիւնները յերիւրածոյ են, եւ այսօրուան քաղաքական հակամարտութիւնները օգտագործելով երկու կտակարանները իրարմէ անջատելու փորձեր են: Երկու կտակարանները իրար ամբողջացնող գիրքեր են, եզրակացուց դասախօսը:
Դասախօսը անդրադարձաւ ընկերային փոփոխութիւններուն, որոնք յարատեւ տեղի կ՛ունենան մարդու կեանքին մէջ եւ լայն բացատրութիւն տուաւ անոնց մասին:
Աստուածաշունչի յանձնառութեան ծիրին մէջ, դոկտ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ զանազան հարցերու եւ հետեւեալ պատգամներուն՝ «Սիրէ դրացիդ քու անձիդ պէս» (Մատթ. 22:39)ի եւ «Բայց կ՛ըսեմ բոլոր անոնց որ կը լսեն, սիրեցէք ձեր թշնամիները» (Ղուկաս 6:27): Ան վերլուծեց զանոնք մարդկային, նաեւ հայկական տեսանկիւններէն դիտուած: Այս նիւթերուն շուրջ եղած հարցումներուն լայն բացատրութիւն տուաւ դասախօսը՝ շեշտը դնելով ներողամտութեան գործօնին, բայց նաեւ արդարութեան ունեցած կարեւորութեան վրայ:
Դասախօսութեան աւարտին Դոկտ Ճէպէճեան պատասխանեց ակնդիրներու բոլոր հարցումներուն:
Լօրա Արթինեան իր շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին բանախօսութեան շահեկանութեան, ինչպէս նաեւ այն ժեսթին համար, որմով դոկտ. Ճէպէճեան իր նոր պատրաստած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»էն 30 օրինակներ, իսկ իր հեղինակած գիրքէն՝ “Bible Engagement: The Discovery of Faith, Hope and Self” 10 հատոր պիտի նուիրէ առաջնորդարանին:
Սրբազան հայրը իր փակման խօսքին մէջ բարձր գնահատեց դոկտ. Ճէպէճեանի արժանիքները եւ անոր Աստուածաշունչի տարածման աշխատանքը: Սրբազանը խիստ կարեւոր նկատեց Աստուածաշունչը կարդալը, զայն թարգմանելը եւ զայն մեկնաբանելը՝ աշխատանք մը, զոր Աստուածաշունչի ընկերութիւնը կը կատարէ եւ այդ աշխատանքներուն մէջ իր հսկայ ներդրումը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ պարոն դասախօսը:
Խիստ հետաքրքրական հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր աղօթքով:
Նշան Պասմաճեան, «Փարոս» Լրատու Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանի