Ես գիտեմ, դուն ալ գիտես, որ սոսկ լալով ու ողբալով եթէ շաղախենք մեր հայրենեաց հողը Հայրենիք չի շինուիր:
ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Անցեալ տարի լրացաւ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի ծննդեան 200ամեակը։ Աշխարհացրիւ հայութիւնը պատշաճ հանդիսութիւններով պիտի յիշատակէր Հայոց Հայրիկի բազմաբովանդակ գործունէութիւնը։ Բայց ցաւալիօրէն նախ բախուեցանք համաճարակի պատճառով առաջ եկած կաթուածահար իրավիճակին, ապա Ատրպէյճան սանձազերծեց Արցախի պատերազմը։ Եւ այս դժբախտութիւններու կողքին, կարելի է ըսել, որ Հայոց Հայրիկի յիշատակը, ծննդեան տարեդարձը հայութիւնը չկարողացաւ նշել յաւուր պատշաճի։ Խրիմեան Հայրիկը եղած է ոչ միայն հոգեւորական՝ վանահայր, Կ. Պոլսոյ Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, այլեւ՝ հասարակական-քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ ազգային-ազատագրական շարժման խիզախ գործիչ։
Այս հարցազրոյցով կ՛ուզենք հանրութիւնը լուսաբանել Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ պահուած Մկրտիչ Ա. Խրիմեան կաթողիկոսի արխիւի հիման վրայ վերջերս լոյս տեսած արժէքաւոր հատորը։
Հարցազրոյցը կատարուած է հեռակայ կապով։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Կ՛ուզեմ նախ շնորհաւորել, որ լոյս աշխարհ բերած էք այնպիսի աշխատութիւն մը, որ բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ ոչ միայն պատմա-բանասիրական բնագաւառէն ներս, այլ նաեւ շօշափելի կը դարձնէ Խրիմեան կաթողիկոսի «Հայոց Հայրիկ» պատուանունը։ Ինչպէ՞ս յղացաւ այս հատորին հրատարակման գաղափարը։
ՎԵՐԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Խորապէս շնորհակալ եմ հարցազրոյցի եւ լուսաբանման համար։ Տարիներ առաջ ինձ յանձնարարուած էր ուսումնասիրել Համիտեան կոտորածներու, Հայոց Ցեղասպանութեան, հայոց Մեծ Եղեռնի վերաբերեալ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառ՝ Մատենադարանի մէջ պահուող ձեռագիր ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը։ Հետազօտական այս աշխատանքը հիմնականին մէջ կը կեդրոնանար արխիւային նիւթերու քննութեան վրայ։ Աշխատանքի ընթացքին ես յայտնաբերեցի մի շարք կարեւոր վաւերագրեր եւ վկայութիւններ, որոնցմէ յատկապէս կ՛ուզեմ այստեղ առանձնացնել օսմաներէն պաշտօնական վաւերագրերի ամփոփագրերը, որոնք յոյժ կարեւոր ըլլալով, դեռեւս անցեալ դարու կէսերուն փնտռուած էին վախճանեալ Գրիգոր վրդ.Կերկերեանի կողմէ։ Կերկերեան (Գրիկէր) նոյնիսկ յանձնարարած էր լուսահոգի պատմաբան Վահագն Տատրեանին, որպէսզի ինք Հայաստան եղած շրջանին փնտռէր այս վաւերագրերը, ի թիւս այլ կարեւոր վկայութիւններու: Երկար տարիներ փնտռուած այս օսմաներէն վաւերագրերը, ինչպէս նաեւ այլ վկայութիւններ եւս, Մատենադարանի արխիւին մէջ յաջողեցայ գտնել։ Եթէ Մեծ Եղեռնի առնչութեամբ յատկապէս հարուստ են անհատական անձանց արխիւները, ապա լեփ-լեցուն են Համիտեան կոտորածների վկայութիւններով, յատկապէս Հայոց 125րդ կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Վանեցիի արխիւը։ Որովհետեւ իր կաթողիկոսութեան շրջանին տեղի ունեցած էին կոտորածները։ Մատենադարանի մէջ պահուող այս արխիւը բացառապէս հայ գաղթականութեան կողմէ գրուած նամակներ են, որոնք, իբրեւ փոքրագոյն պատմութիւններ մանրամասն եւ տեսանելիօրէն կը նկարագրեն Համիտեան կոտորածներու նպատակի ողջ ընթացքը, ծրագրուած ձեւը, փուլերը, միջոցները եւ կատարելաբանութիւնը։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Կարո՞ղ էք այս նամակներու մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցել։
ՎԵՐԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Ըստ էութեան հայրենի կառավարութիւն չունեցող, սովահար, բռնութեան ենթարկուած, հողազրկուած, որդեզրկուած, բանտարկուած, բռնի իսլամացած, առեւանգուած անչափահաս մօր կամ հօրեղբօր, այլ կերպ, մէկ այլ խօսքով՝ լլկուած հայութեան կողմէ գրուած նամակներ են՝ վերը շարադրուած խնդիրների լուծման հաւատքով։ Այս նամակները քայլ առ քայլ կը պատկերացնեն ցեղասպանական ընթացքը, եւ անոր մանրամասնութիւնները։ Նամակներ, որոնցմով հայութեան մեծագոյն հատուած մը կաթողիկոսը կ՛ընդունէին որպէս փրկիչ, պաշտպան, Աստուծոյ երկրային փոխանորդը։ Ինչպէս նա մակագիրներն գրած են յաճախ՝ «Վերեւն Աստուած եւ ներքեւն քեզ ենք ապաւինում»։ Միով բանիւ՝ իր ամենանեղ ու ամենալայն իմաստներով հայութեան կողմէ անմնացորդ ընդունուած Հայոց Հայրիկ։ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող այս նամակները ունին այլ առանձնայատկութիւն մը եւս։ Կարեւոր է նաեւ շեշտել այն հանգամանքը, որ նամակագիրներն իրենց խնդիրը շարադրած ատեն անպայմանօրէն նշած են այն հասցէն, որտեղ իրենք կը բնակէին։ Այս առումով բնակավայրերու, գաւառներու կամ գաւառակներու ազգագրութեան վերականգնման առումով ունին մեծ կարեւորութիւն։ Ասոնց վրայ յենուելով կարելի է յստակ ցոյց տալ, թէ վստահաբար 1893-1907ի ընթացքին ո՞ր գիւղերու մէջ կ՛ապրէին այս հայերը, ինչ որ մեր հետազօտութեան եւ հրատարակուած առաջին սոյն գրքի բուն նպատակն եղած էր։ Այսինքն, մենք յենուելով նամակագիրներու նշած հասցէներուն, առանձնացուցած ենք Մշոյ Բուլանըք կամ Պուլանըք (կամ Պուալնըխ) գաւառի հայաբնակ բնակավայրերը։ Գիրքը վերնագրուած է «Գիրք I.», քանի որ Հայրիկին 1893-1907ին ուղղուած է աւելի քան 8000 նամակ, իսկ ուսումնասիրութիւնները տակաւին կը շարունակուին։ Յառաջիկայ տարիներու ընթացքին յուսով եմ, որ մենք կը կարողանանք հրատարակութեան պատրաստել միւս հատորները։ Ամբողջական նիւթի հրատարակումէն յետոյ հնարաւոր կ՛ըլլայ, կը կարծեմ: Այս աշխատանքը կարող է նպաստել նաեւ բնակչութեան թուաքանակի, տեղաշարժերու ուղղութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւններու: Այլեւայլ ընտանիք կամ գերդաստաններու նուազագոյն պատմութիւններու լուսաբանութեամբ կրնայ հարստանալ Արեւմտեան Հայաստանի ընդհատուած հայ ժողովուրդի պատմութեան որոշ մանրամասնութիւնները։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Արդեօ՞ք պահանջատիրութեան հարցի առնչութեամբ եւս կարելի է գործածել այս վաւերագրերը։ Արդեօ՞ք ունին անոնք իրաւական արժէք եւ ունեցա՞ծ էք նման նպատակ Ցեղասպանութեան հարցի ճանաչման, հատուցման, պահանջատիրութեան հարցի կապակցութեամբ։

ՎԵՐԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Շատ հետաքրքիր դիտարկում ունեցաք այստեղ։ Իրականութեան մէջ թէեւ վաւերագրերը որեւէ պաշտօնական կառոյցի, պետական յանձնախումբի կամ կառավարական պաշտօնեայի կնիք չունին, բացառութեամբ թերեւս այն վկայագրերը, որոնք կը կրեն գիւղի տանուտէրի, ծխատէր քահանայի կնիքները։ Ասոնք սեփականութեան վկայագրեր չեն, որոնք կարելի է ներկայացնել, փաստաթղթերով հաւաստել անձի ժառանգորդ ըլլալու հանգամանքը եւ ստանալ հատուցում։ Սակայն ասոնք հաւաստի վկայութիւններ են, որ տուեալ մարդիկ իրաւամբ, անառարկելիօրեն ապրեր են տուեալ տարածքի մէջ, ունեցեր են սեփականութիւն, զրկուեր են իրենց սեփականութիւններէն, վտարուեր են իրենց հայրենիքէն եւ անշուշտ՝ Հայոց Դատի եւ պահանջատիրութեան հարցի մէջ նման նամակները եւս պէտք է գործածուին՝ ցեղասպանական քաղաքականութեան ողջ պատկերը ամբողջացնելու եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը վերականգնելու կարեւորութեամբ։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Որքա՞ն ժամանակ հարկաւոր է բոլոր 8000 վաւերագրերը ուսումնասիրելու եւ հրատարակելու համար։
ՎԵՐԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Տարիներու եւ տքնաջան, նուիրուած աշխատանք կը պահանջէ նման հատորներու լոյս ընծայումը։ Այս ուսումնասիրութիւնը իրականացաւ «Հայ Օգնութեան ֆոնտ»ի Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրուած կրթութեան եւ գիտութեան հայկական ազգային հիմնադրամի կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհով (ANSEF) ու մենք խորապէս շնորհակալ ենք իրենց։ Դրամաշնորհի շրջանակներուն մէջ մենք աւարտած ենք արդէն նամակներու գաւառ առ գաւառ խմբաւորման աշխատանքները։ Այժմ նախ հարկաւոր է վերծանել՝ արտագրել եւ գրել տուեալ գաւառին նուիրուած հերթական ուսումնասիրութիւնը։ Թէ որքան կը տեւէ յաջորդ հատորի լոյս ընծայումը կախուած է վաւերագրերի քանակին, ընթեռնելիութեանը յատկացուած ժամանակին, ու նաեւ մասնագիտական անհրաժեշտ աղբիւրներու ձեռքբերման հանգամանքներէն։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Կ՛ուզեմ հարցս ուղղել նաեւ նամակներու լեզուի առնչութեամբ։ Ի՞նչ լեզուով գրուած են անոնք եւ արդեօ՞ք նամակներու արտագրութեան ընթացքին միջամտութիւններ եղած են։
ՎԵՐԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Մեծ մասը բարբառախառն հայերէն լեզուով շարադրուած են։ Կան նաեւ ճոխ ու դասական, գեղեցիկ շարադրանքներ։ Ինչպէս ալ ըլլայ շարադրանքը նամակներու բնոյթն ու բովանդակութիւնը նոյնն են։ Նեղ միջամտութիւններ առած ենք՝ պահպանելով արխիւային նիւթերու բնագրերու հրատարակման չափանիշները։