ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 10 Նոյեմբերին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Թովմասեան ողջունեց Սաղաթէլեանը՝ հայրենիքին մէջ գտնուելուն առիթով եւ խօսեցաւ 2 խորհրդարաններու փոխգործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցերու մասին:
Ան ներկայացուց 2020ի պատերազմին արդիւնքները, անդրադարձաւ հարցերու շուրջ Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններուն՝ միջազգային զանազան կառոյցներու մէջ միասնական տեսակէտով ներկայանալու անհրաժեշտութեան:
Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց միջխորհրդարանական գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպման, որուն ներկայ էին նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարները, քննարկուեցան խորհրդարանական դիւանագիտութեան վերաբերող հարցեր: