ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն նկատեց պաշտօնական Պաքուի այն պնդումը, ըստ որուն՝ հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած է ծեծկտուք, եւ հայ զինուորականներու 60 հոգինոց խումբ մը Սեւ լիճի տարածքին յայտնուած է շրջապատման մէջ, որմէ կրցած է դուրս գալ միայն ռուս սահմանապահներու միջամտութենէն ետք:
Այս մասին 10 Նոյեմբերին հաղորդեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` պնդելով, որ հայ զինուորները փորձած են վերահսկողութեան տակ առնել ատրպէյճանական կողմը գտնուող միջդիրքային ճանապարհը:
«Որոշ ժամանակ ետք հոն հասաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան ջոկատներէն մէկը, որ փաստօրէն շրջափակման մէջ առաւ հայերը: Անկէ ետք հայկական կողմը դիմեց ռուս սահմանապահներուն, որոնք, ատրպէյճանական հրամանատարութեան ուղղուած դիմումէն ետք, հայերուն արտօնեցին հեռանալ», կը նշէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ լուրը ապատեղեկատուութիւն է, իսկ իրականութիւնը այլ է։
«Ադրբեջանի պաշտպանական գերատեսչութեան յայտարարութիւնը բացայայտ ապատեղեկատուութիւն է: Աւելին` Սեւ լճի տարածքում ադրբեջանական կողմի սադրանքին յաջորդած հայկական ԶՈՒ ստորաբաժանումների գործողութիւններից յետոյ ադրբեջանական ԶՈՒն է դիմել ռուսական կողմին` իրադրութիւնը հանգուցալուծելու խնդրանքով, եւ հէնց ռուսական կողմի աշխոյժ աշխատանքի շնորհիւ է յաջողուել կայունացնել իրադրութիւնը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատում է, որ իրադրութիւնը Սեւ լճի տարածքում գտնւում է ՀՀ ԶՈՒ լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ», կը նշուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։