ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդը 15 Նոյեմբերին յայտարարութեամբ մը հաստատեց օր մը առաջ շրջան ընող այն լուրը, ըստ որուն, 14 Նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 1ի շուրջ, հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի արեւելեան տեղամասերէն մէկուն մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները զրահամեքենայով ներխուժեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ զրամամեքենան եւ զօրքը դուրս ելան Հայաստանի տարածքէն, նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները դուրս բերուած են վերոնշեալ չորս մարտական դիրքերէն:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այնուամենայնիւ՝ «նշուած հատուածում շարունակում են ծաւալուած մնալ դեռեւս ս/թ Մայիսին Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժած ադրբեջանական զինծառայողներ»:
Խորհուրդը կը հերքէ այլ լուրերը, ըստ որոնց, Հայաստանի զինուած ուժերու վերադաս հրամանատարութեան կամ քաղաքական իշխանութեան կողմէ դիմադրութիւն ցոյց չտալու հրաման տրուած է:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդը կը նշէ, թէ Ռուսիա Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կը յանձնէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շարունակական յարձակման գործողութիւնները՝ ընդգծելով, որ անոնք ուղղուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կը հակասեն 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն:
«Անդրադառնալով Գորիս-Կապան եւ Կապան-Ճակատէն աւտոճանապարհների՝ Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածներին, հարկ ենք համարում ընդգծել, որ դրանք դեռեւս ԽՍՀՄ տարիների՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմաններին վերաբերուող ուղղակի իրաւական նշանակութիւն ունեցող փաստաթղթերի համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում չեն գտնւում: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը միջոցներ է ձեռնարկել Սիւնիքի մարզում այլընտրանքային ճանապարհների նոր ցանցի ստեղծման ուղղութեամբ եւ այդ աշխատանքներն առաջիկայում աւարտին կը հասցուեն: Հարկ ենք համարում ընդգծել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ բնակավայր կենսապահովման ճանապարհից զրկուած չէ: Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը շարունակում է ընդգծել հայ-ադրբեջանական սահմանային իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը, այն է՝ Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ադրբեջանի դէ իւրէ հաստատուած սահմանագծից զօրքերի հայելային ետքաշում եւ միջազգային հովանու ներքոյ սահմանների սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի մեկնարկ: Նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեանը կոչ ենք անում ակտիւացնել ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը:
15 Նոյեմբերի յետմիջօրէին գումարուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին վարչապետ Փաշինեան հաստատեց, որ ատրպէյճանական ուժերը ներխուժեցին Հայաստանի տարածքը՝ արեւելեան տեղամասերէն մէկը, սակայն առանց որեւէ մանրամասնութիւն տալու եւ անդրադառնալու դէպքի հանգամանքներուն: Այս ծիրին մէջ, ան տեղեկացուց, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն կը հեռացուի Արշակ Կարապետեանը, եւ զայն կը փոխարինէ Սուրէն Պապիկեան՝ ընդգծելով, որ այդ որոշումը տրուած է «երէկուանից ծաւալուող իրադարձութիւնների վերլուծութեան արդիւնքում»: Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կարապետեանին՝ աւելցնելով, որ «այս պահին իրադրութիւնն ինձ յանգեցրել է որոշման, որ պիտի պաշտպանութեան նախարարի փոփոխութիւն տեղի ունենայ»:
«Երէկուանից մենք այս կազմով, տարբեր ձեւաչափերով մի քանի անգամ հանդիպումներ եւ քննարկումներ ենք ունեցել: Քննարկումների առարկան եղել է հայ-ադրբեջանական սահմանի արեւելեան տեղամասերից մէկում ադրբեջանական զօրքերի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժման փաստը: Այսօր նիստի նպատակը մեր քննարկումներն ամփոփելն է, նաեւ մեր հանրութեանն ամբողջական տեղեկատուութիւն տալը տեղի ունեցած իրադարձութիւնների մասին», յայտնեց Փաշինեան:
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը՝ Անվտանգութեան խորհուրդը լսեց զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի զեկոյցը ստեղծուած իրադրութեան եւ ընդհանուր առմամբ գետնի վրայ տիրող իրավիճակին մասին, որմէ ետք, ըստ Փաշինեանի, ԱԽ անդամները պէտք է վերլուծէին իրավիճակը եւ փորձէին «մի քանի ուղղութիւններով որոշում կայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութեանն ուղղուած մեր գործողութիւնների վերաբերեալ»:
Երկրորդ օրն է, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն հայ-ատրպէյճանական սահմանին շարունակուող բախումներուն մասին, որոնց պատասխանատուն ալ կը նկատեն հայկական կողմը, իսկ որոշ աղբիւրներ կը պնդեն, որ ատրպէյճանական զօրքը յառաջխաղացք արձանագրած է, սակայն պաշտօնական Երեւանը երէկ լուռ մնաց, իսկ այսօր հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ: Աւելի՛ն. 14 Նոյեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անդրադարձաւ սահմանային կացութեան՝ դիտել տալով, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուող տեղեկութիւնները, թէ սահմանային այդ հատուածին մէջ հայկական տարածքը ատրպէյճանական զինուած ուժերու զրահամեքենայ մտած է:
Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 15 Նոյեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ իրավիճակ կը տիրէ Սիսիանի եւ Ջերմուկի հատուածներուն մէջ՝ յայտնեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերու չորս մարտական դիրքերը որեւէ մէկուն կողմէ չեն վերահսկուիր: «Որեւիցէ բան հիմա չի կատարւում, բանակցութիւնների միջոցով այն զօրախումբը (ատրպէյճանական- Խմբ.), որն առաջ է եկել, հետ է քաշուել: Այդ տարածքներում նոյն իրավիճակն է, որը եղել է մի քանի օր առաջ՝ բացառութեամբ նշուած 4 յենակէտերի, որոնք որեւիցէ մէկի կողմից չեն վերահսկւում: Այդ յենակէտերը այսօր ուղղակի դիրքերի փոփոխման պատճառով դատարկ են: Այնտեղ չկան նաեւ ադրբեջանական զօրքեր: Այսինքն՝ չի կարելի ասել, որ այդ յենակէտում այս պահին տեղակայուած են ադրբեջանցիները», յայտնեց Սիմոնեան:
Դէպքին անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյուօ Քլաար՝ մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճով: «Կարեւոր է չէզոքացնել, անդրադառնալ պատճառներուն եւ ներգրաւուիլ համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներու մէջ», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Քլաար:
Finally. knife cut REACHED the BONE : where is A.N.C.A. where is
ALL ARMENIAN RIGHTS PROTECTOR UNITS IN THE WORLD ??
WHY THEY DON’T REACT FORCEFULLY SAME DAY, ASKING FROM
EACH COUNTRY REACTION OF INVASION TO PROTEST UN SECURITY
COUNCIL?? WHERE IS TOTAL NATION, NATIONALIST PARTIES,
ORGANIZATIONS DO THEY AGREE ARMENIA TOTAL CAPITULATION???
DO THEY AGREE WITH AZERBAIJAN INVASION, ALREADY OCCUPIED
42 SQUARE K.M. LAND, TO OCCUPY ALL ARMENIA?? IS TOTAL NATION
CARELESS MOB?? DO YOU AGREE WHAT’S HAPPENING, RESPOND
YES OR NO IN EACH COUNTRY, IF YES, CLOSE ALL SCHOOLS, CHURCHES,
ORGANIZATIONS, MUSEUMS, FORGET GENOCIDE, 1915, SEVRES,
EVERYTHING, IF NO, FIGHT BACK FORCEFULLY, VERY FAST,
IMMEDIATELY, ONE HOUR COUNTS !!!!