
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- «Ճու-Ճիցու» ոճի մարտարուեստի Յունաստանի եւ աշխարհի ախոյեան Արա Ճանիկեան անգամ մը եւս բարձրացաւ համաշխարհային ախոյեանութեան պատուանդանին վրայ, երկրորդ դիրքը գրաւելով Ապու Տապիի մէջ ընթացած համաշխարհային մրցաշարքին։
Երիտասարդը անդամ է ՀՄԸՄի Աթէնքի մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան։ Ան իր վերջին յաղթանակը նուիրեց բոլոր այն հերոսներուն, որոնք քաջաբար կռուեցան Արցախի 44օրեայ պատերազմին։ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառումին մէջ, հայ ախոյեանը յիշեց նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները։