ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի արեւելեան սահմանին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը վտանգող մարտական գործողութիւններուն։
Ատրպէյճանը, արհամարհելով մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները, ոտնակոխելով միջազգային օրէնքի տուեալները եւ անտեսելով 9 Նոյեմբերին կայացած եռակողմ համաձայնութեան պայմանները, կը շարունակէ իր ոճրային արարքները Հայաստանի ինքնիշխան Հանրապետութեան նկատմամբ։
Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող զինուորական յաճախակի ոտնձգութիւնները, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայկական քաջարի բանակին ու հայրենի մեր ժողովուրդին եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային համայնքին՝ անմիջապէս միջամտելու եւ դադրեցնելու Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող զինուորական գործողութիւնները։ Կաթողիկոսութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ նեցուկ կանգնելու եւ անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերելու հայրենիքին եւ հայոց բանակին։
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կ՛աղօթէ առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր Ս. աջը անպակաս ընէ մեր ազգին, հայրենիքին ու հայոց բանակին վրայէն։
Strong support by Aram Catholicos and Armenians in Europe,
also strong appeal to veteran soldiers to return War Front to
protect Armenian SOIL is hopeful sign: people IS turning Nation.
Refusing staying AS Bolshevik “goulag” forever, subject to be
manipulated like SECRET enclaves given by Stalin, now asking
as their soil by Azerbaijan, actually invading from narrowest sides
north of Sunik (look map) to cut into TWO ARMENIA REPUBLIC,
if successful, turning no more viable country. IF appeal successful,
at least 150,000 NATIONALIST soldiers could defeat invaders, with total
support from outsiders: ONLY THAN THERE IS “HOPE” TO SURVIVE
AND PROSPER, NOT UNDER THIS ENGINEERED CAPITULATIONS
SINCE 100 YEARS BY 2+1 ALLIES !! IT IS ABOUT TIME TO FIND NEW
ALLIES READY TO RESPECT OUR FREEDOM AND DO BUSINESS
BENEFITING ALL.