ԵՐԵՒԱՆ.- 17 Նոյեմբերին եւս շարունակուեցան տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու արձագանգները՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին արձանագրուած զինեալ գործողութիւններուն, որոնք զոհեր ու վիրաւորներ պատճառեցին։ Հիմնականին մէջ կոչ ուղղուեցաւ՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ հաւանական լարուածութիւնը կանխարգիլել։
Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի «Թուիթըր»ի վրայ գրած է, որ Գանատա խորապէս մտահոգ է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջին բախումով, որուն պատճառով հայ զինուոր մը զոհուեցաւ։ «Մեր մտածումները զոհերու ընտանիքներուն եւ հազարատներուն հետ են։ Մենք լարուածութեան մեղմացման կոչ կ՛ուղղենք, որպէսզի կարելի ըլլայ գտնել հակամարտութեան խաղաղ լուծում», նշեց ան։
«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ ԱՊՀ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու 9րդ հանդիպման ընթացքին ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ կացութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ։ «Ինչ կը վերաբերի շրջանային անվտանգութեան եւ, մասնաւորաբար, ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ անոր ապահովման, ստիպուած եմ արձանագրել, որ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններուն համար զինուորական վտանգի մակարդակը չի նուազիր։ Այդ մասին կը վկայէ նաեւ դաշինքի երկիրներու զօրախումբերու ընդլայնող ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ զինուորական ենթակառոյցի զարգացումը եւ զինուորական գործունէութեան աշխուժացումը մեր պետութիւններու արեւմտեան սահմաններու անմիջական հարեւանութեամբ», յայտնեց Զաս։
ԵԱՀԿի նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Ան Լինտէ ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, ռուսական կողմին միջնորդութեամբ, հաստատուած հրադադարը: «Խօսեցայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, ողջունեցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած հրադադարը եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու կոչ ուղղեցի: Խորապէս կը ցաւիմ զոհերուն համար: Կը վերահաստատեմ իմ աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ իմ անձնական ներկայացուցիչի շարունակական գործընթացին», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է ան:
Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտ, Հայաստանի հարցով զեկուցող Անտրէ Քովաչով եւ Ատրպէյճանի հարցով զեկուցող Ժելիանա Ժիւքօ միացեալ յայտարարութեամբ անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանի կացութեան սրման եւ Արցախի տագնապին։ «Մենք լրջօրէն մտահոգ ենք 17 Նոյեմբերի ծանր մարտերով, որոնք յաջորդեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային լարուածութեան վերջերս արձանագրուած աճին։ Ատրպէյճանի նախաձեռնած զինուորական գործողութիւնները՝ իբրեւ պատասխան ենթադրեալ սադրանքներու, ցարդ արձանագրուած կոպտագոյն խախտումը կը հանդիսանան անցեալ տարուան 9 Նոյեմբեր զինադադարի համաձայնագիրին, եւ որոնց պատճառով ալ կան տակաւին չհաստատուած թիւով զոհեր, վիրաւորներ եւ գերիներ։
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ կացութեան լարուածութեան շուտափոյթ մեղմացման եւ կ՛ողջունենք Եւրոպական խորհուրդի նախագահի մասնակցութիւնը եւ ռուսական կողմի ջանքերով հաստատուած զինադադարը։ Կը Վերահաստատենք, որ սահմանին վերաբերեալ իւրաքանչիւր հնարաւոր տարակարծութիւն պէտք է լուծուի սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին շուրջ բանակցութիւններու միջոցով, ոչ թէ ուժի կիրարկման եւ միակողմանի գործողութիւններու միջոցով։ Կը դատապարտենք «սահմանախախտման» որեւէ փորձ, ինչպէս նկատուած է 12 Մայիսին, երբ ատրպէյճանական զօրքերը ներխուժեցին Հայաստանի տարածքը։ Մենք կ՛աջակցինք փոխադրամիջոցներու եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու բացման կոչին, ինչպէս կը նախատեսուի 9 Նոյեմբերի զինադադարի համաձայնագիրով, ինչ որ շատ շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Անիկա կը ներառէ կապ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Յաջողութեան հասնելու համար կողմերը պէտք է հետեւին համաձայնագիրի կէտերուն եւ խուսափին չափազանց ծաւալուն մեկնաբանութիւններէ։ Աւելին, մտահոգուած ենք Հայաստանի քաղաքները եւ գիւղերը իրար կապող՝ ատրպէյճանական տարածքէն անցնող ճամբաներուն վրայ ստեղծուած երթեւեկի խոչընդոտներով, եւ կը կարծենք, թէ նման վարքագիծը կը հակասէ համաձայնագիրի տրամաբանութեան եւ կը բարդացնէ տեղւոյն քաղաքացիներու կեանքը։
Մենք կը ցաւինք նաեւ, որ, հակառակ միջազգային ընտանիքի բազմաթիւ կոչերուն, ներառեալ՝ Եւրոպական խորհրդարանի, 20 Մայիսի 202ի բանաձեւին, հայ բանտարկուած բազմաթիւ անձեր, որոնք ձերբակալուած են հակամարտութեան վերաբերեալ կացութեան մէջ, տակաւին ազատ չեն արձակուած եւ այս հարցով դարձեալ կը դիմենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն։ Նաեւ կը վերահաստատենք մեր կոչը՝ փոխանակելու ականապատման բոլոր քարտէսները, ինչ որ քաղաքացիներուն պիտի արտօնէ վերադառնալ հակամարտութեան նախկին շրջանները։ Անգամ մը եւս կ՛ընդգծենք Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը աջակցելու վստահութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն եւ որեւէ հարց բանակցութիւններու սեղանի շուրջ արծարծելուն, մասնաւորաբար՝ Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակին եւ հակամարտութեան երկարատեւ լուծման շուրջ քննարկումներու վերականգնման՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիի տակ»։