ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 18 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ ՀԱՊԿի Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ:
Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան անգամ մը եւս յարձակումի ձեռնարկեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ: Ըստ անոր՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն ի վեր, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը իր սադրիչ գործողութիւններով կը վտանգէ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը ու իրավիճակի մեղմացման վերաբերող Հայաստանի ջանքերը:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը կայունացնելու նպատակով, անհրաժեշտութեան պարագային ՀԱՊԿի մէջ գործող գործիքակազմերու ծիրին մէջ՝ սահմանուած կարգով հնարաւոր քայլերու ձեռնարկելու կարելիութիւնը: