ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորի Գիրքի ակումբին՝ Հինգշաբթի, 16 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ «Ահեկան» գրական պարբերաթերթին նուիրուած առցանց քննարկումը:
«Գրական շարժո՞ւմ, թէ գրական բեմ» հարցադրումը իբրեւ մեկնակէտ ունենալով՝ քննարկումը պիտի առաջնորդէ տոքթ․ Յարութիւն Արմէնեան։
Քննարկումին կարելի է մասնակցիլ Zoom հարթակին միջոցաւ (Meeting ID: 864 7185 3213, Passcode: 406800) կամ՝ կայքէջին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 631-7611 թիւին։