«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ 29ամեայ իրաքցի մը` Թահա Ճումայլի, ցկեանս բանտարկութեան վճիռ ստացաւ «եզիտիներու դէմ ցեղասպանութեան յանցանքով»:
Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի դատարանը առկախեց վճիռին ընթերցումը, երբ դատապարտեալը ուշքը կորսնցուց` լսելէ ետք իր դէմ արձակուած վճիռը:
«Ա․Էֆ․Փէ․» լրատու գործակալութիւնը, որ հաղորդեց լուրը` կ՛աւելցնէ, որ այս քայլը նախընթաց մը կը հինդիսանայ եզիտիներոու դէմ գործուած յարձակումներուն եւ ջարդերուն շուրջ կատարուող հետաքննութիւններու ծիրին մէջ: ՄԱԿի հետաքննիչներ հաստատած էին, որ «ջարդերը իրենց վայրագութեամբ ցեղասպանութեան յանգած էին»: