ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ 3 Դեկտեմբերի կէսօրին բռնութեան ենթարկուած եւ դիտաւորեալ կերպով սպաննուած Ճարտար քաղաքային համայնքի 65ամեայ Սէյրան Սարգսեանի դիակը ատրպէյճանական կողմը, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ, փոխանցուեց Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան:
Ծառայութենէն կը յայտնեն, որ դիակը փոխանցուած է 4 Դեկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 5ի շուրջ՝ Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ-Շեխեր համայնքներու խաչմերուկին վրայ:
Փրկարարները, ծառայութեան տնօրէն Մեխակ Արզումանեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի խաղաղ բնակիչի մարմինը տեղափոխեցին եւ յանձնեցին անոր հարազատներուն: