ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Քաթար գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 9 Դեկտեմբերին Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ:
Անոնք անդրադարձան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն եւ տարածաշրջանային հարցերու: Քննարկուեցաւ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները: