Կեդրոնական Միացեալ Նահանգներու 8 նահանգները շաբաթավերջին հարուածած սաստիկ հողմամրրիկները մարդկային զոհեր եւ նիւթական հսկայ վնասներ պատճառեցին:
Բազմաթիւ տուներ վերածուեցան աւերակներու, եւ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, զոհերու թիւը առնուազն 100 է, գլխաւորաբար Քընթաքի նահանգին մէջ: