ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան (ԱԵՄ) նախաձեռնութեամբ՝ մեկնարկեց «Նուիրի՛ր ուրախ Ամանոր Արցախի փոքրիկներին» ծրագիրը:
ՀՅԴ ԱԵՄը Արցախի սահմանամերձ համայնքներու մանուկներուն համար ամանորեայ նուէրներ կը հաւաքէ՝ նպատակ ունենալով մանուկներուն հետաքրքրական եւ երջանիկ օր պարգեւել։ Այս մասին «Ապառաժ»ին յայտնեցին ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութենէն:
Ծրագիրին կրնան մասնակից դառնալ բոլորը` Արցախէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:
Արցախի բնակիչները կրնան իրենց պատրաստած նուէրները յանձնել ՀՅԴ ԱԵՄ գրասենեակին (ք.Ստեփանակերտ, Կնունեանցների 17), աշխատանքային օրերուն՝ առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7ը:
Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն փոխանցումներ կատարելու համար, փափաքողները պէտք է գրեն ՀՅԴ ԱԵՄի «Ֆէյսպուք»ի էջին միջոցաւ կամ hyd.youth.artsakh@gmail.com հասցէին:
Նուէրներուն հետ կարելի է ուղարկել նաեւ շնորհաւորական բացիկներ եւ կապ հաստատելու տուեալներ` երեխաներուն հետ անձնական կապ ստեղծելու համար:
Փոխանցումներ կատարելու եւ լրացուցիչ այլ հարցերու պարագայինմ կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն՝ +374 47 943 843, +374 98 201 263