ՊՈԼԻՍ․- Թուրքիոյ Քոջայէլի նահանգին մէջ, այսպէս կոչուած՝ «Հարաւային Ատրպէյճանի անկախութեան օրուան» տարեդարձին (Իրանի հիւսիս-արեւմտեան նահանգները`Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ատրպէյճան ու Արտապիլ) առիթով տեղի ունեցած է գիտաժողով մը՝ «Հարաւային Ատրպէյճանը Իրան չէ» նիւթով, կը գրէ «Ինֆոթէքա24»ը։
Հակաիրանեան այս միջոցառումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային կառոյցի պատասխանատու Եունուս Ամրեհի եւ նահանգի «Ուլքիւ Օճաքլարը» ազգայնամոլ կազմակերպութեան քարտուղարին ու այլոց մասնակցութեամբ։ Ձեռնարկին ընթացքին թուրք ուսանողները ծանօթացած են, այսպէս կոչուած՝ «Հարաւային Ատրպէյճանի»ն (Իրանի հիւսիսը) եւ «Ատրպէյճանի ազգային շարժում»ին; Այս վերջինը անջատողական եւ փանթրքական շարժում մըն է՝ ուղղուած Իրանի դէմ եւ կը վայելէ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի աջակցութիւնը։ Հաւաքին լսուած են բազմաթիւ հակաիրանեան ուղերձներ, որոնց շարքին՝ Իրանի տարածքներուն նկատմամբ փանթրքական յաւակնութիւնները։