ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին երկրորդ օրն ըլլալով, Պոլսոյ սակարանը Երկուշաբթի օր պարտադրուած եղաւ դադրեցնելու իր աշխատանքը՝ լիրայի արժէքին կտրուկ անկումին պատճառով:
Վարկերու տոկոսները ցած պահելու՝ Էրտողանի քաղաքականութեան հետեւանքով, ամերիկեան տոլարին արժէքը հատեց 17.78 լիրայի սահմանը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ միայն մէկ օրուան ընթացքին անիկա արժէզրկուեցաւ 7.67 տոկոսով: Միւս կողմէ, սղաճը անցաւ 20 տոկոսի սահմանը։