
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստան կ՛աշխատի փոխադարձութեան սկզբունքով Իրանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու ուղղութեամբ: Այս մասին «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեանը յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան: