ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հունգարիոյ կառավարութեան միջնորդութեամբ 5 հայ ռազմագերիներ վերադարձան հայրենիք: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան:
Հայաստան վերադարձած ռազմագերիներն են` Սարգիս Աբրահամեան Արթուրի, Արման Խաչատրեան Վաչագանի, Վահէ Աղաջանեան Սասունի, Սուրէն Խաչատրեան Լեովայի, Արամ Աւետեան Արտեոմի:
Միւս կողմէ, Արցախի բնակիչ Արմէն Վերդեան, որ 29 Դեկտեմբերին Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ եւ Ուղտասար համայնքներու հատուածին մէջ մոլորած ու անցած էր Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը եւ վերջիններուն կողմէ կալանաւորուած էր, վերադարձուեցաւ:
«Արցախի անվտանգութեան մարմինների եւ ռուս խաղաղապահների կողմից վարուած բանակցութիւնների արդիւնքում քաղաքացիական անձն այս պահին վերադարձուել է, գտնւում է ռուս խաղաղապահների մօտ, շուտով կը փոխանցուի հայկական կողմին», յայտնեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: