ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 3 Յունուարի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը` սրբազան, գերապայծառ եւ վարդապետ հայրերու ներկայութեամբ:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն: