
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Այնթուրայի Այցելութեան վանքի նորահռչակ Ֆիլոքալիա մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆիլոքալիա ծննդեան» փառատօնի համերգներէն հայկականըվերնագրուած «Հայ ծննդեան գոյներ» («Armenian Christmas Colors»)
կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:
Համերգին ներկայ էինԼիբանանի մշակութասէր անձնաւորութիւններ, Քեսրուանի, Լեռնալիբանանի եւ Ժիպէյլի շրջաններէն կառոյցներու ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, գեղարուեստի ղեկավարներ, համազգայնականներ, երաժշտասէրներ եւ «Գուսան»ի ընկերներ ու բարեկամներ: Փառատօնը, որ կը վայելէ Ռայի պատրիարքի բարձր հովանաւորութիւնը, սկսած է 30 Նոյեմբերէն եւ օրական դրութեամբ երեկոները Ս. Ծննդեան գեղարուեստական կատարումներ կ՛ունենայ յայտնի դասական երաժիշտներու մասնակցութեամբ: Զուգահեռաբար, տօնական զարդերու եւ ուտեստներու վաճառք տեղի կ՛ունենայ: Աւանդութիւն դարձած է, որ 29 Դեկտեմբերին, «Գուսան» երգչախումբը Ս. Ծննդեան համերգներու կատարումներ ունենայ: Այս տարուան համերգը յատկանշուեցաւ Ս. Ծննդեան տարբեր գոյներու կատարումներով: Օրուան ներկայացումը կատարեց երիտասարդ դասախօս Ժոզէֆ Խուրի: Ազգային նուագարաններով առաջին գոյնը հանդէս եկաւ տուտուկի մեղեդիներով
Գէորգ Քէշիշեանի կատարողութեամբ:
Յաջորդ գոյնն էր սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի հետ, որ արեւմտեան դասականներով ներկայացաւ:
Իւրայատուկ գոյն տուին աւանդական աւետիսները, որոնք Մուշէն, Վանէն մեզի հասած եւ բազմաձայնուած «Խորհուրդ մեծ» շարականին ընդմէջէն բարձրացան եւ ուրախ ու հարազատ մթնոլորտ ստեղծեցինարական կազմին մեկնաբանութեամբ: Չորրորդ գոյնը հայ երաժշտական զարթօնքէն
Մակար Եկմալեանի Ս. պատարագի երգեցողութենէն բաժիններ կատարեց ամբողջ խումբըմենակատարներով: Հայրենասիրական եւ սիրերգային գոյնը հանդէս եկաւ «Լուսին ելաւ» եւ «Զարթի՛ր, Որդեա՛կ» երգերով, որոնց յաջորդեց ասորի գոյնը: Եօթներորդը մանուկներու Ս. Ծննդեան գոյնն էր
Ալեքսան Մնակեանի, Զարեհ արք. Ազնաւորեանի եւ Արցախի մանուկներու օրօրոցային երգերով, երբ շուին եւ աշխուժ երգեցողութիւնը մեծ խանդավառութեան հասցուցին, ապա եկաւ հանդիսութիւնը` նոր գոյնը, որ կը բաղկանար համաշխարհային երգէ:
«Գուսան» երգչախումբի անդամ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան «Գուսան»ի ներկայացուցիչ Կարէն Եօսուլքանեան երգչախումբի ղեկավարին, անդամներուն, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ եւ Համազգայինի քաջալերանքն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Philokalia Christmas Festival-ի եւ Ֆիլոքալիա կազմակերպութեան հիմնադիր քոյր Մարանա Սաատին եւ նախագահ հ. Ֆարիտ Սաապին: