ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահութիւնը կը վերահաստատէ իր ամբողջական աջակցութիւնը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն: Այս մասին յայտնեցին ԵԱՀԿի լեհաստանեան նախագահութենէն՝ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններու լոյսին տակ:
«ԵԱՀԿի լեհաստանեան նախագահութիւնը չի կրնար մեկնաբանել Ատրպէյճանի նախագահին հրապարակային յայտարարութիւնները: Մենք կը վերահաստատենք մեր ամբողջական աջակցութիւնը եւ երախտագիտութիւնը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին, անոր համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի աշխատանքին», պատասխանեցին ԵԱՀԿի լեհաստանեան նախագահութենէն:
Նշենք, որ օրեր առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ ատրպէյճանական կողմը պիտի խոչընդոտէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումով զբաղող միջազգայնօրէն միակ ճանչցուած ձեւաչափին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի գործունէութիւնը: