ՓԱՐԻԶ, ԵՐԵՒԱՆ, «Նոր Յառաջ», «Արմէնփրէս»․- Փարիզի քաղաքապետի Եւրոպայի, միջազգային յարաբերութիւններու եւ ֆրանսախօսութեան հարցերու գծով տեղակալ Առնօ Նկաչա «Ֆէյսբուք»ի վրայ գրած է, թէ ազգայնամոլ թուրքի մը կողմէ սպաննուած պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս»ի հիմնադիր խմբագիր Հրանդ Տինքի անունով Փարիզի մէջ վայր մը պիտի կոչուի ։
«Փարիզը յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ անոր յիշատակին` 13րդ թաղամասին մէջ անոր անունով վայր մը անուանակոչելով», գրած է Նկաչա:
Նկաչա նաեւ մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած եւ Տինքի յիշատակին նուիրուած առցանց ձեռնարկին՝ յիշեցելով, որ 15 տարի առաջ Պոլսոյ իր խմբագրատան առջեւ սպաննուած Տինքը արժանացած է Oxfam Novib մրցանակին՝ խօսքի ազատութեան, ինչպէս նաեւ հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման ուղղութեամբ կատարած աշխատանքին համար: