Երեքշաբթի, 19 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեան եւ փոխնախագահ վեր. Սերոբ Մկրտիչեան:
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան փոխադարձ բարեմաղթութիւններու կողքին, հիւրերը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի հայութեան եւ այս առիթով առաջնորդ սրբազան հօր յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ վերանորոգ թափով շարունակելու լիբանանահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները եւ կարելի փութկոտութեամբ օգնութեան նոր ձեռք մեկնելու Լիբանան ապրող հայ ազգի բոլոր զաւակներուն: