
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը դարձեալ պատժամիջոցներ պարտադրեց «Հըզպալլա»ի մօտիկ երեք անհատներու, ինչպէս նաեւ ճամբորդական գրասենեակի մը դէմ, որուն կեդրոնը Լիբանան կը գտնուի:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի փոխնախագահ Պրայըն Էյ. հաստատեց, որ «Հըզպալլա»ն քաղաքական ծածուկ գործարքներով կը դիզէ հարստութիւն մը, որ լիբանանցիներուն համար անյայտ է:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ «Հըզպալլա»ն կը շարունակէ իր ապօրինի ընթացքը եւ լիբանանցիներուն հաշուոյն հարստութիւն կը դիզէ:
Պլինքըն նշեց, որ «Հըզպալլա»ի մօտիկ երեք այլ անհատներ պատժամիջոցներու ենթարկելը լիբանանցիներուն ցուցաբերուած զօրակցութիւն է, որովհետեւ «Հըզպալլա»ն եւ անոր դաշնակիցները լիբանանցիներուն շահերէն աւելի Իրանի շահերը ամրապնդելով հետաքրքրուած են: