ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Համազգայինի թատերախումբը վերջերս Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ «Ֆաճր» միջազգային թատերական փառատօնին։ Փետրուար 6-11ին տեղի ունեցան ներկայացումները։
Հայաստան-Իրան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման երեսնամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս եւս տեղի ունեցան ձեռնարկներ եւ թատերախումբը բեմադրեց Յովհաննէս Թումանեանի «Լոռեցի Սագոն» գործը։
«Նազերզատէ» սրահին առընթեր, ներկայացումները կրկնուեցան Թեհրանի եւ Սպահանի՝ հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սրահներէն ներս՝ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալով թէ՛ տեղացի եւ թէ իրանահայ հանդիսատեսներուն։
Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը եւս հետեւեցան ներկայացումներուն։