
Փետրուար 17ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Խաչեր Մարկոսեանին, ընկերակցութեամբ իր քրոջ եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Սեդա Խտըշեանին:
Այս առիթով, Խաչեր Մարկոսեան երկար տարիներու իր սեփականութիւնը եղող եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին արուեստագէտ Փօլ Կիրակոսեանէն գնած, մայրութիւնը ներկայացնող պատկերը նուիրեց վեհափառ հայրապետին: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, յիշեալ պատկերը փոխանցեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին, ուր ան զետեղուեցաւ նկարներու յատուկ ցուցասրահին մէջ: