
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) Գործադիր վարչութեան առցանց ժողովը տեղի ունեցաւ Փետրուար 11ին։ Ներկայ էին խորհուրդի չորս նախագահներն ու վարչութեան բոլոր անդամները։ Սոյն ժողովին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան։
Ժողովի գլխաւոր օրակարգերն էին՝ Մայիս 2022ին Եգիպտոսի մէջ կայանալիք, ղպտի եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, ՄԱԵԽի 11րդ համաժողովի ծրագրի քննարկումն ու ընդհանուր քարտուղարութեան եւ խորհուրդի միաւորներուն զեկոյցներու ներկայացումը։