Ամէն տարի, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին յիշատակութեան Կիրակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ին մէջ, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի՝ երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբաններու տարած անսակարկ ծառայութեան առ ի երախտագիտութիւն։
Առ այդ, Կիրակի, 19 Փետրուարին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին կից գտնուող Միաբանական դամբարան, ուր կը հանգչին իրենց կնիքը մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ թողած Կիլիկեան ուխտի միաբաններ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։